Պատանի Դաշնակահար Մանէ Պասմաճեանին Անդրանիկ Նուագահանդէսը Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին Հետ

Զ.Ք.

Ուրբաթ, 10 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:30- ին,  Յիսուսեան միաբանութեան Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հերթական համերգը, նուագավարութեամբ դաշնակահար Ուալիտ Մուսալլեմի:

Յայտագրին առաջին բաժինով, իբրեւ մենակատար, նուագախումբին հետ  իր անդրանիկ բեմելը կատարեց 13-ամեայ  դաշնակահարուհի Մանէ Պասմաճեան, որ բարձր յանձնառութեամբ, համարձակօրէն եւ անսայթաք կերպով արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերն ու իր տարիքին համապատասխան շատ պատասխանատու պարտականութիւնը` արդարօրէն արժանանալով սրահը բերնէ բերան լեցնող երաժշտասէրներուն, որոնց մէջ մեծ թիւով երաժիշտներուն եւ երաժշտութեան ուսուցիչներուն  բարձր գնահատանքին:

Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցի 7-րդ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի  8-րդ դասարանի աշակերտ Մանէ Պասմաճեան ծնած է երաժշտական ընտանիքի մէջ, ուր փոքր տարիքէն սկսած է դաշնակի դասերու հետեւիլ` միշտ ուսուցիչ ունենալով Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցի առաջատար դասախօսներէն Գայեանէ Գասպարեանը:

Մանէ Պասմաճեան Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ կատարեց Պախի հանրայայտ հինգերրորդ «Ֆա մինոր» քոնչերթոն` յաղթահարելով անոր երաժշտական կառոյցի տիրապետումի թէ արհեստավարժ թեքնիք  բազմապիսի բարդութիւններու առկայութիւնը: Ընդգծելի է, որ այս երկին մեկնաբանումը ինքնին մեծ փորձաքար է ոեւէ պատանի դաշնակահարի համար, եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ հազուադէպօրէն կը հանդիպինք նման կարողութեան ու յանդգնութեան լաւապէս պատրաստուած պատանի աշակերտ-կատարողներու: Մանէ Պասմաճեան ստեղծագործութեան ծաւալուն եռամաս ընթացքը հեզասահօրէն անցաւ առանց աւելորդ լարուածութեան, խաղաղաշունչ ու ինքնավստահ, իր տարիքին ու փորձառութեան համեմատ, առաւել հարազատութեամբ  արտայայտելով անոր ոճական բովանդակային ու խորքային առանձնայատկութիւնները:

Մանէ Պասմաճեան անշուշտ իր երաժիշտ ծնողներէն (հայրը Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ջութակահար եւ պետական երաժշտանոցի դասախօս է: Մայրը` նոյն երաժշտանոցի բազմաբեղուն դասախօս եւ անուանի դաշնակահար, որ նոյնպէս կը սեռի երաժշտական անուանի գերդաստանէ) ժառանգած է իր երաժշտական շնորհը, սակայն արժանին պէտք է մատուցել Մանէին ուսուցչուհիին` Գայեանէ Գասպարեանին, որուն մասնագիտական բծախնդիր ու մանրակրկիտ աշխատանքը մեծապէս երեւելի եւ ընդգծելի եղաւ:

Պատանի դաշնակահար Մանէ Պասմաճեան յոյս ներշնչող անուն մըն է, որ նախապէս ալ, 2009-ին, առաջին մրցանակին տիրացած է Թրիփոլիի Ազգային երաժշտութեան 4-րդ մրցանքին: Ժրաջան աշխատանքով յարատեւելու պարագային, ան երաժշտական  հպարտառիթ նոր նուաճումներ պիտի պարգեւէ մեզի ապահովաբար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )