Բանաստեղծ Ատոնիսը Հայաստանի Մասին
Արաբ նշանաւոր բանաստեղծ Ատոնիս ապրիլ ամսուան կիսուն այցելեց Հայաստան` մասնակցելու «Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան»:
Հայաստանը ընդհանրապէս, սակայն յատկապէս Արարատը, Գեղարդն ու Նորավանքը մեծ ու խոր ազդեցութիւն ունեցան միջազգային վարկ ունեցող բանաստեղծին վրայ, որ երէկ` 16 մայիսին Հայաստանի իր տպաւորութիւններուն մասին գրած իր երկարաշունչ բանաստեղծութենէն հատուած մը լոյս ընծայեց արաբական մամուլի աշխարհին մէջ միջազգային տարածում ունեցող «Հայաթ» օրաթերթին մէջ:
«Դէպի ո՞ւր կը նաւարկես Նոյեան տապան» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ անդրադարձ կը կատարուի բռնագրաւուած Արարատին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, վերապրած ու հզօրացած հայութեան, Երեւանի փողոցներուն, Նորավանքին եւ Գեղարդին:
Գրականութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունենալու կոչուած այս բանաստեղծութիւնը կարդալու համար կրնաք այցելել «Հայաթ» օրաթերթին կայքէջը կամ «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջը` հետեւեալ հասցէներով.
http://alhayat.com/Details/513974
http://www.aztagarabic.com/archives/8956
Յառաջիկային «Ազդակ» աւելի ընդարձակ կերպով պիտի անդրադառնայ Ատոնիսի Հայաստան տուած այցելութեան եւ անոր տպաւորութիւններուն:

