ԼՕԽ-ի «Տոհմիկ Օր»-ը

Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացիկ երեւոյթ դարձած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կազմակերպած տօնավաճառը:

Այս տարի եւս, անցնող օրերուն նման, լիբանանահայութեան սրտին` Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ ականատես եղանք «Հայկական տոհմիկ օր»-ուան ձեռնարկի մը, որ շատերու իսկ վկայութեամբ լաւ կազմակերպուած եւ հայկականութիւն բուրող տօնավաճառ մըն էր:

Այդ օր իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւններ, որոնք մեծ ուրախութեամբ եւ բծախնդրօրէն պատրաստած էին մեր ճաշասեղանները հարստացնող հայկական ուտեստեղէնները:

Սակայն ուշագրաւ երեւոյթ էր ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը երկու ազգային վարժարաններու աշակերտութեանց, որոնք իրենց պարերով մեզ փոխադրեցին վայելելու «Հէյ ջան ղափամա»-ն եւ հայկական հարսանիքը, որ այս օրերուս օտար կը թուի շատերուն համար: Հայ աշակերտներ վերակենդանացուցին մեր աւանդութիւնները եւ ԼՕԽ-ի տօնավաճառը հարստացուցին:

Ապա հայկական երգերն ու պարեղանակները տարածուեցան ստեղծելով հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտ մը:

Յայտագիրին բաժին մըն ալ յատկացուած էր փոքրիկներուն:

Հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ նման երեւոյթներու կարօտը ունի բնակիչը:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը իր մարդասիրական աշխատանքի ծիրին մէջ հայապահպանումի մեծ ճիգ կը թափէ այսօր:

Օտար փառքերն ու սովորութիւնները վաղուց թափանցած են մեր ընտանիքներուն մէջ, սակայն այդ այլասերումը յաղթահարելու միակ միջոցը «Տոհմիկ օր»-երու յաճախակի կրկնութիւնն է:

Գնահատելի են նման նախաձեռնութիւնները: Հայկական երդիքներուն տակ պէտք է միշտ հնչէ հայկական երգը, ճաշասեղանները աւելիով ճոխանան հայկական ճաշերով եւ մեր հոգիները լիանան հայկականութեամբ:

Վարձքը կատա՛ր Լիբանանահայ օգնութեան խաչին:

 ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՄԸ

 

Share this Article
CATEGORIES