Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Արաբական Ծոցի Շրջանի Միջեկեղեցական Խորհուրդին

Երէկ, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Կը մասնակցէին Ապու Տապիի, Տուպայի, Քաթարի, Շարժայի, Քուէյթի, Պահրէյնի եւ այլ շրջաններու մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ Քաթարի եւ Էմիրութեանց շրջանի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Հանդիպումին նպատակն էր միջեկեղեցական գործակցութեան խորհուրդ մը յառաջացնել շրջանին մէջ:

Յիշեալ հանդիպումէն օր մը առաջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին` իբրեւ նախագահներէն մէկը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, այցելեց նոյն Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ժալըխ: Ան եկած էր վեհափառ հայրապետին տեսակէտը ունենալու իր ներկայութեամբ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունենալիք միջեկեղեցական հանդիպումին գծով: Վեհափառ հայրապետը շնորհաւորեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը` շեշտելով միջեկեղեցական գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ անոր շօշափելի արտայայտութիւն տալու հրամայականը: Միաժամանակ վեհափառ հայրապետը թելադրեց ընդհանուր քարտուղարին զգուշացնելու շրջանի եկեղեցական ներկայացուցիչները հետեւեալ երեւոյթներէն.- 1) Անհրաժեշտ է պահել Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին միութիւնն ու ամբողջութիւնը` իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնն ու ձայնը արտայայտող միակ կառոյց: 2) Ծոցի շրջանին մէջ յառաջանալիք խորհուրդը պէտք չէ վերածուի ինքնանկախ միաւորի իր առանձին ծրագիրներով ու գործունէութեամբ. ան պէտք է դառնայ համարատու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին: 3) Նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող զգայնութիւնը, քաղաքական թէ կրօնական իմաստով, յիշեալ խորհուրդը պէտք է զգուշ ըլլայ իր գործունէութեան մէջ:

Յայտնենք, որ շուրջ տարի մը առաջ Ապու Տապիի միջեկեղեցական հաւաքին մասնակիցները այցելած էին Անթիլիասի մայրավանք` ունենալու համար վեհափառ հայրապետին տեսակէտը իրենց նախաձեռնութեան առնչութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES