Մալիքիի Խորհրդականը Կը Յայտարարէ. «Էրտողան Իրաքեան Կառավարութիւնը Կը Գրգռէ»

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի քաղաքական հարցերով խորհրդական Միրիամ Ռայես յայտնեց, որ «իրաքեան կառավարութիւնը միշտ ալ հաստատած է, որ Քիւրտիստանի շրջանի կառավարութեան որեւէ կողմի հետ կնքած համաձայնութիւնը ուժի մէջ պիտի չմտնէ, եթէ դաշնակցային կառավարութեան կողմէ չհաստատուի»:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւնը «սադրանք եւ հարց ստեղծելու փորձ է, ինչպէս նաեւ իրաքեան կառավարութեան գրգռութիւն մը, ինչ որ մեզի համար բացարձակապէս մերժուած է, որովհետեւ անիկա երկրին գերիշխանութեան ու օրէնքներուն յարգումին կը վերաբերի, ինչ որ Էրտողան կամ այլ անձ մը պէտք է նկատի ունենայ»:

Share this Article
CATEGORIES