Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին նկատմամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ցուցաբերած կեցուածքը դիտումնաւոր տգիտութիւն մըն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու առումով տիրող ընդհանուր մթնոլորտը ցոյց կու տայ, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին համաձայն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ իրենց ընտրանքները բոլորին համար յստակ են` աւելցնելով, որ իրենք ռահվիրաներն էին Լիբանանի ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու հոլովոյթին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատասխանատուէն, շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը ծախած է` պահպանելու համար Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իր դաշինքը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Ժեմայէլ դատապարտեց Թուրքիոյ մէջ կատարուած պայթումները, ինչպէս նաեւ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան նախանցեալ երեկոյեան գումարուած ընտրական օրինագիծը քննող ենթայանձնախումբի նիստին ընթացքին սուր բանավէճ մը ունեցած են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ շեշտեց, որ նախանցեալ օր խորհրդարանին մէջ պատահածը լիբանանեան քաղաքական վարչակարգի դագաղին խրուած վերջին մեխն է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայէն խնդրած է զինուորական իր ամբողջ կշիռով միջամտել Սուրիոյ մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ իր խօսքը ուղղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի յայտնեց, որ ինք չի կրնար զիջիլ բանէ մը, որուն տէրն ու տիրականը չէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ ընտրական խառն օրինագիծին շուրջ գոյանալիք համախոհութիւնը Լիբանանը կրնայ իր տագնապէն դուրս բերել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը դիւրացուցած է հարցը եւ առաջարկած ընտրական խառն օրինագիծ մը, որ կը պահպանէ երկրին սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ընտրական խառն օրինագիծին առումով Մուսթաքպալ հոսանքին հետեւած է` առանց նոյնիսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան խորհուրդին դիմելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին կառչածութիւնը պարզապէս այդ հոսանքին պատկերը բարելաւելու համար է:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ ընտրական խառն օրինագիծը ժամանցի օրինագիծ մըն է` աւելցնելով, որ խորհրդարանը կ՛ուղղուի դէպի իր նստաշրջանի կարճատեւ երկարաձգում:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի յայտնեց, որ ընտրական խառն օրինագիծը Լեռնալիբանանը յանձնած է Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան:

Share this Article
CATEGORIES