Մանսուր Լաւրովէն Ստացաւ Ռուսական Նամակ Մը
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որ Մանսուրի յանձնեց նամակ մը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովէն:
Նամակը կ՛անդրադառնայ շրջանային իրադարձութիւններուն, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումներուն:
Հանդիպումէն ետք Զասպիքին յայտնեց, որ Ռուսիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Սուրիոյ հարցին շուրջ «Ժընեւ 2» միջազգային խորհրդաժողովը յաջողցնելու:
Զասպիքին անդրադարձաւ Սուրիոյ տագնապին մասին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն բխած որոշումին` աւելցնելով, որ այդ կեցուածքը կը խոչընդոտէ Սուրիոյ տագնապը լուծելու միջազգային ջանքերը:
Ան աւելցուց, որ Սուրիան շրջապատող երկիրները, նոյնիսկ Թուրքիան կրնան դրական ներդրում ունենալ Սուրիոյ տագնապին լուծման առնչութեամբ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անպայման գործակցիլ եւ խորհրդակցիլ այդ ուղղութեամբ: