Միքաթի Ընդունեց Իրանցի Նախագահական Պատուիրակ Մը

Միրթաժ Տինի եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրանի նախագահական յատուկ պատուիրակ Մոհամետ Ռիտա Միրթաժ Տինին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Միքաթիի հետ իր քննարկած բոլոր հարցերուն պարագային նոյն տեսակէտները բաժնած են:

Միրթաժ Տինի նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները պահպանելու եւ ամրապնդելու քայլերուն կարեւորութիւնը ընդգծուած է, ինչպէս նաեւ շեշտուած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութեան» եռեակ տարազը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Միրթաժ Տինի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն միջեւ բաժանումի սերմեր ցանելու իսրայէլեան փորձերէն` աւելցնելով, որ ինք քաղաքական բոլոր ուժերուն կոչ կ՛ուղղէ ըլլալու իմաստուն եւ զգաստ, ինչպէս նաեւ զգուշ, որպէսզի կարելի ըլլայ Իսրայէլի այդ ծրագիրը ձախողութեան մատնել:

Միրթաժ Տինի մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապին կարելի ըլլայ քաղաքական լուծում մը ապահովել:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Արաբական խորհրդարաններու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նուրէտտին Պոշքոժ, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի, որ Միքաթիի հետ քննարկեց արդարութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES