Վարչապետ Սալամ Ֆրանսայէն Ստացաւ Զօրակցական Նամակ Մը

Ժիրօ եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու պատասխանատու Ֆրանսուա Ժիրոն, որուն ընկերակցեցաւ ֆրանսական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին:

Հանդիպումին ընթացքին Ժիրօ Սալամի յանձնեց ֆրանսական իշխանութիւններէն զօրակցական նամակ մը Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` նկատի ունենալով երկիրը յուզող ներկայ պայմանները:

Ժիրօ յայտնեց, որ Փարիզ կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան, ազգային միասնականութեան եւ պետական հաստատութիւններուն պահպանումին:

Ժիրօ բարձր գնահատեց Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերուած հիւրընկալումը եւ ողջունեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի չէզոք կեցուածքը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան մաղթեց, որ վարչապետ Սալամ կազմէ Լիբանանի կառավարութիւնը` շեշտելով երկրին ժողովրդավարական կարգերուն պահպանումը:

Ժիրօ աւելցուց, որ Ֆրանսա մօտէն կը հետեւի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու եւ պետական հաստատութիւններն ու սահմանադրական ժամկէտները յարգելու հոլովոյթին:

Յետմիջօրէին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ այցելեց վարչապետ Սալամի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ընտրական օրինագիծն ու կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամէն խնդրած է ուշացնել կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ Լիբանան պատասխանատու կառավարութեան կարիք ունի:

Ընտրական օրէնքին անդրադառնալով` Ժեմայէլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցած ընտրական օրինագիծի տարբերակը կրնայ լուծման յանգիլ` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին վաւերացնել այնպիսի ընտրական օրէնք մը, որ երկրին մէջ իսկական, արդար եւ հաւասար ներկայացուցչութիւն, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւն կ՛ապահովէ:

Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք տակաւին համոզուած է այն գաղափարին, թէ Լիբանանի համար պէտք է կազմել ոչ քաղաքական կառավարութիւն մը:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպը:

 

Share this Article
CATEGORIES