Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան

Նախագահ Սլէյման եւ Մաուրօ

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարիօ Մաուրօ երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Մաուրոն, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

Մաուրօ բարձր գնահատեց նախագահ Սլէյմանի դերակատարութիւնն ու «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, որոնց ընդմէջէն կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանը հեռու պահել Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն:

Միւս կողմէ, հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ Լիբանանի յատկացուած իտալական օժանդակութիւններն ու միջազգային առումով Լիբանանի ցուցաբերուած իտալական զօրակցութիւնը:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական ջոկատին դերակատարութեան եւ հարաւի բարգաւաճման մէջ անոր ունեցած ներդրումին համար:

Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը եւ Լիբանանի վրայ անոր հաստատած ծանր բեռը, որ միջազգային մակարդակի լուծման կարիք ունի:

Վարչապետին Մօտ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին ընդունեց Մաուրոն, որ շեշտեց, թէ նախարար իր նշանակումէն ետք առաջին անգամն է, որ կ՛այցելէ Լիբանան` աւելցնելով, որ իր այցելութեան նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդել, ինչպէս նաեւ հաստատել, որ Իտալիա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին:

Մաուրօ շեշտեց, որ իրենց համար կարեւոր են հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի գործունէութեան ընդմէջէն իտալական զօրամասին կատարած աշխատանքները:

Մաուրօ հաստատեց, որ պէտք է պահպանել Լիբանանի անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովուի:

Եարզէի Մէջ

Մաուրօ այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ֆայեզ Ղոսընի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Ղոսըն բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատեց հարաւի մէջ իտալական զօրամասին ունեցած ներդրումը, որուն պատճառով հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կայունութիւնը կը պահպանուի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները, որոնց մասին Մաուրօ նկատել տուաւ, որ անոնք պէտք չէ իրենց անդրադարձը ունենան Լիբանանի վրայ:

Մաուրօ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը, յատկապէս զինուորական փորձարկումի եւ գումակային մարզերու պարագային, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ բանակին գործակցութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES