Նախագահ Սլէյման Ժիրոյի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներուն Օժանդակութեան Առումով Լիբանանի Զօրակցելու Անհրաժեշտութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու պատասխանատու Ֆրանսուա Ժիրոն, որուն ընկերակցեցաւ ֆրանսական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին:
Ժիրօ նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի ողջոյններն ու գնահատանքը` Լիբանանը չէզոք պահելու եւ «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու իմաստով:
Ժիրօ շեշտեց, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան` յոյս յայտնելով, որ կարելի ըլլայ կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ վաւերացնել ընտրական օրինագիծ մը` շեշտելով այս հանգրուանին Լիբանանի մէջ քաղաքական եւ հաստատութենական անիշխանութեան չյանգելու կարեւորութիւնը:
Ժիրօ բարձր գնահատեց նաեւ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` շեշտելով, որ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը գործակցի Լիբանանի հետ:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ իր ողջոյններն ու Ֆրանսայի կայունութեան ու բարգաւաճման առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի:


