Ընտրական Օրինագիծը Քննարկող Խորհրդարանի Ենթայանձնախումբը Այսօր Պիտի Շարունակէ Իր Աշխատանքները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ դարձեալ նախագահեց ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլ, Ալի Ֆայեատ, Ալեն Աուն, Սամի Ժեմայել, Ժորժ Ատուան, Ահմետ Ֆաթֆաթ, Սերժ Թուրսարգիսեան, Աքրամ Շեհայէպ եւ Ռոպեր Ղանեմ:
Նիստին ընթացքին Պըրրի ներկայացուց ընտրական օրինագիծի տարբերակ մը, որ 50 առ հարիւրով հիմնուած է Ուղղափառ հանդիպումին մշակած համամասնական օրինագիծին վրայ` Լիբանանը վերածելով մէկ ընտրաշրջանի, եւ 50 առ հարիւրով հիմնուած 1960-ի ընտրական մեծամասնական օրէնքին վրայ` Լիբանանը բաժնելով 26 ընտրաշրջանի:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պըրրի դարձեալ նախագահեց ենթայանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ Պըրրիի ներկայացուցած ընտրական օրինագիծը` շեշտելով, որ այդ օրինագիծը արդար ու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն չ՛ապահովեր եւ անհաւասարակշիռ է:
Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրամեքենան սերտած է Պըրրիի օրինագիծը, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն 65 երեսփոխանի իրաւունք կու տայ, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն` 53 երեսփոխան, 6 երեսփոխան` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, իսկ 4 երեսփոխան, որոնց պատկանելիութիւնը կը մնայ հարցական:
Պըրրի իսկոյն յետս կոչեց իր ներկայացուցած ընտրական օրինագիծի տարբերակը` շեշտելով, որ ինք այդ օրինագիծին կառչած չէ:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն յանձնեց անոնց կողմէ խառն ընտրական օրինագիծին մասին ներկայացուած 11 դիտողութիւններուն պատասխանները, որոնք պիտի սերտուին:
Ենթայանձնախումբի նիստէն ետք Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը հանդիպում մը ունեցան, իսկ երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ ինք կը սպասէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի կեցուածքներուն` խառն ընտրական օրինագիծին առնչութեամբ:
Ատուան աւելցուց, որ ինք այսօր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին գաղտնիքներ պիտի բացայայտէ:
Նշենք, որ Պըրրի երեկոյեան ժամը 7:30-ին վերադարձաւ նախագահելու ենթայանձնախումբի նիստին, որ ժամ մը ետք աւարտեցաւ եւ պիտի շարունակուի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին: Հետեւաբար խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը պիտի յետաձգուի վաղուան` նիստին օրակարգ ունենալով Ուղղափառ հանդիպումին ընտրական օրինագիծն ու խառն ընտրական օրինագիծը:


