Հայաստան Հասաւ «Եւրատեսիլ»-ի Աւարտական

Երէկ երեկոյեան շուէտական Մալմիօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրատեսիլ-2013»-ի երկրորդ կիսաւարտականը:

Այս տարի սոյն երգի մրցումին Հայաստանը ներկայացնող «Տորիանզ» ռոք խումբը կատարեց «Լոնլի փլանեթ» երգը եւ մրցումի երկրորդ կիսաւարտականին մասնակցող 17 երկիրներու շարքին գրաւելով 7-րդ դիրքը, կարելիութիւնը ստացաւ մասնակցելու 18 մայիսին տեղի ունենալիք «Եւրատեսիլ»-ի աւարտական հանգրուանին:

Հայաստանէն զատ աւարտական հանգրուան հասան Հունգարիան, Ազրպէյճանը, Վրաստանը, Ռումանիան, Նորվեկիան, Իսլանտան, Ֆինլանտան, Մալթան եւ Յունաստանը:

 

Share this Article
CATEGORIES