«Ինչքան Շատ Այս Իշխանութիւնները Փոխուին, Այնքան Շուտ Իրավիճակի Փոփոխութեան Մասին Կարելի Է Խօսիլ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ Հայաստանի կառավարութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցած կազի թանկացման դէմ բողոքի ցոյցին ընթացքին «Երկիր»-ին յայտնեց, որ կազի թանկացումը նախ ցոյց կու տայ Հայաստանի կառավարութեան թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին քաղաքականութեան ձախողութիւնը:
Ան նշեց, որ քանի մը ամիս առաջ, երբ կառավարութիւնը կը քննարկէր իր ծրագիրները` պիւտճէի, պաշտօնական քաղաքականութեան վերաբերեալ, յստակ չէր, որ կրնար այսպիսի բան պատահիլ: Ընդհակառակն` կանխատեսումները շատ աւելի լաւատեսական էին:
«Հիմա այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնը իսկապէս երկու տիպի քաղաքականութիւն կը վարէ. մէկը` առերեւոյթ, երեւցող` քաղաքական, միւսը` իրական, որ կործանարար ընթացքի մէջ դրած է մեր երկիրը: Եւ յստակ է, որ նոյնիսկ պաշտօնական տուեալներով` 35 առ հարիւր աղքատութիւն կայ, իսկ ես կը կարծեմ, որ շատ աւելի է, որովհետեւ իրենք կը խուսափին աղքատութեան նուազագոյն շեմը որոշել կենսաապահովման նուազագոյն զամբիւղի յարաբերութեամբ. երբ այդպէս ընեն, յստակ կը դառնայ, որ աղքատութեան թիւը առնուազն պէտք է կրկնապատկել: Ու այդ ժամանակ խօսիլ թանկացումներու մասին ներքին անվտանգութեան հարց է: Կարծես, կը փորձեն ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը` թէ որքան կրնայ դիմանալ: Այս տրամաբանութիւնը այսպէս կարելի չէ շարունակել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան ձախողութեան տեսանկիւնէն կազի գինի բարձրացումը բացատրեց այն հանգամանքով, որ եթէ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը այս գիները կը սահմանէ օրինակ Եւրոպայի համար, ապա ատիկա մտածելու առիթ կու տայ, թէ մենք ինչ բացթողում կատարած ենք, որ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը այսպիսի՛ արդիւնք կ՛արձանագրէ, կրնայ իսկապէս վտանգ ըլլալ Հայաստանի ներքին անվտանգութեան համար:
Ռուստամեան նշեց, որ այդ պատճառով կառավարութեան թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին քաղաքականութիւնը իսկապէս ձախողած է: Ըստ անոր, այս քաղաքականութիւնը պէտք է մեծապէս վերատեսութեան ենթարկուի ու վերափոխուի, բայց ինք այս իշխանութիւններէն ակնկալիք չունի: Ռուստամեան յայտնեց, որ իշխանութիւնները չեն գիտակցիր, որ վիճակը տագնապալի է, այլ իրենց գնահատականներով վիճակը լաւ է եւ տակաւին աւելի պէտք է լաւացնել:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կառավարութեան հրաժարականը պահանջելու պահը չէ՞ հասած, Ռուստամեան ընդգծեց, որ պահը ոչ միայն հասունցած է, այլեւ անցած է: Անոր գնահատականով` որքան շուտ այս իշխանութիւնները փոխուին, այնքան շուտ իրավիճակի փոփոխութեան մասին կարելի է խօսիլ:
Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան բողոքի ցոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ ասիկա հասարակութեան ընդվզումն է Հայաստանի մէջ իրականացուող քաղաքականութեան դէմ:
Բողոքի ցոյցին մասնակցեցան նաեւ «Բարեւ Երեւան» դաշինքի անդամներ Արմէն Պօղոսեան եւ Արթուր Իսպիրեան:
Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած ընկճուածութիւնը կազի գինի հարցին գծով ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնները ոչ միայն համարժէք քաղաքականութիւն չեն վարեր երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ, այլ նաեւ ունակ չեն գիտակցելու, հասկնալու, որ այս քաղաքականութեամբ, այս մօտեցումներով պետութիւնը չի կրնար զարգանալ:
Դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ բողոքին նպատակն է իշխանութիւնները ստիպել, որ գիտակցին իրենց պատասխանատուութեան, այլ ոչ թէ նստին աթոռներուն եւ վայելեն իրենց ստացած ձայները:
Ա. Մինասեան նշեց, որ Հայաստանի տնտեսութեան բոլոր մարզերուն մէջ գոյութիւն ունին լրջագոյն խնդիրներ, եւ պէտք է անոնց լուծումներ գտնել:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ շրջանառուող լուրերուն համաձայն, կազի գինը պիտի բարձրանայ ոչ թէ 60, այլ 30 առ հարիւրով, Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ ատիկա հերթական խուսանաւումն է: «Նախ պէտք է հարցադրում կատարուի, թէ ինչո՞ւ կը բարձրանայ: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը այդքան կամք չունի դիմագրաւելու Ռուսիոյ` մեր ռազմավարական գործընկերոջ կեցուածքը, ապա կը նշանակէ, որ այստեղ որեւէ ռազմավարական գործընկերութեան չկայ, այլ կայ ստրուկի եւ ստրկատիրոջ յարաբերութիւն», նշեց Արծուիկ Մինասեան:
Ըստ անոր, եթէ իշխանութիւնը ականջալուր չըլլայ, ապա գինի բարձրացումները զանգուածային բողոք պիտի յառաջացնեն:
«Կազի բարձրացումը պիտի բերէ հսկայածաւալ գնաճի ձեւաւորում: Անոր համար նախ պէտք է կասեցնել եւ թոյլ չտալ, որ գիները բարձրանան: Նախ պէտք է իրականացնել աշխատավարձերու եւ նպաստներու բարձրացում, ապա նոր անցում կատարել ծրագրաւորուած բարձրացման», ըսաւ Մինասեան:
Նշենք, որ կառավարութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ ստորագրահաւաք` Հանրային ծառայութիւններ կարգաւորող յանձնախումբին յանձնելու համար, իսկ այդ ստորագրահաւաքին պատճէնը պիտի ուղարկուի Հայաստանի կառավարութիւն եւ նախագահի աշխատակազմ:
Նշենք, որ կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին Տիգրան Սարգսեան յայտարարեց, որ կառավարութիւնը 30 առ հարիւրով օժանդակութեան յատկացում պիտի կատարէ կազի գինին:

