Հայաստան Ստանձնեց Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէի Նախագահութիւնը
16 մայիսին Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 123-րդ նիստը, որուն կը մասնակցէին Եւրոպական խորհուրդի 47 անդամ երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները:
Նիստին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ստանձնեց Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը եւ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ:
Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները իրենց ելոյթներուն մէջ շնորհաւորելով Հայաստանը կազմակերպութեան նախագահութիւնը ստանձնելու առիթով` վստահեցուցին, որ ամէն աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն հայկական նախագահութեան նախաձեռնութիւններու իրականացման:
CATEGORIES Հայկական

