Բացում «Այտա Մուրատեան» Խմբագրասենեակի Եւ «Արսէն Չաղլասեան» Ժողովասենեակի
Այսօր «Ազդակ»-ի խմբագրատունը կ՛օժտուի նոր խմբագրասենեակով մը եւ նոր ժողովասենեակով մը: Չաղլասեան ընտանիքին «Ազդակ»-ին կատարած նուիրատուութեամբ երկու աշխատասենեակները վերակառուցուած են ի յիշատակ Արսէն Չաղլասեանի եւ Այտա Մուրատեանի:
«Այտա Մուրատեան» խմբագրասենեակը պիտի յատկացուի «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի աշխատանքներուն, մինչ «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ պիտի կատարուին հարցազրոյցներ եւ տեղի պիտի ունենան խմբագրական աշխատանքային հանդիպումներ:
Տիկին Սեդա Չաղլասեան եւ զաւակները` Նորա, Արա եւ Շահէ, «Ազդակ»-ին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած այս քաջալերանքով սատար կը կանգնին հայ մամուլի զարգացումը առաջադրող տարբեր ծրագիրներու իրագործման աշխատանքին:
Այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունենալիք բացում-ընդունելութեան ողջոյնի խօսքերու շարքին հանդէս կու գան «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ի խմբագիր Յարութ Սասունեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հեռահաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան:

