Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շաբաթավերջի այս օրը շատ դժուար պիտի ըլլայ անոնց համար, որոնք ստիպուած պիտի աշխատին պարտադիր գործ մը աւարտելու համար: Հանդարտ եղէք, հանդուրժեցէք օրուան կացութեան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ունիք ձեր խօսակիցը կամ ձեր շրջապատը հմայելու շնորհք: Այսօր պիտի արժանանաք ձեր խօսակիցներուն յարգանքին. անոնք օգտակար պիտի ըլլան ձեր ծրագիրներուն դիւրաւ կիրարկման:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանեկան խնդիր մը լուծելու կամ ծրագիր մը իրագործելու մասին կը մտածէք եւ չէք կրնար որոշել` հարցին ո՛ր մէկ ծայրէն սկսիլ: Այսուհանդերձ, պիտի կարենաք նոր կարգադրութեամբ մը լուծել դժուար նկատուած հարցը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բնութիւնը լաւագոյն բարեկամն է, որ ձեր հոգերը կը փարատէ: Պիտի կարենաք պտոյտ մը կատարել այս շաբաթավերջին` օգտագործելով արձակուրդը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Չէք կրնար մարդոց բնաւորութիւնը փոխել: Կ՛ուզէք բարոյական դասեր տալ ձեր շուրջիններուն, բայց անոնք չեն հասկնար, հետեւաբար դուք տուէք օրինակը, խօսքի փոխարէն` գործնական ձեւը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ժամանակ տրամադրեցէք գեղեցկանալու, որպէսզի աւելնայ ձեր հմայքը: Այսօր կարեւոր է ձեր արտաքին տեսքը, որ պիտի բարձրացնէ ձեր վարկը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հիւանդապահուիի մը դերը կ՛ուզէք կատարել, բայց համոզուա՞ծ էք, որ այս է ձեր դերը: Դուք ձեզ լաւ ճանչցէք, որպէսզի ինքնախաբէութիւն չունենաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մտիկ ըրէք ձեզի տրուած խրատները եւ խորհուրդները: Մի՛ անտեսէք նման խօսքերը: Լսելը առաքինութիւն նկատեցէք, կ՛օգտուիք: Օրը բարի է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ունիք շնորհներ, տաղանդ, օգտագործեցէք եւ արտայայտեցէք զանոնք: Օրն ալ ունի իր օգտակարութիւնը` ձեր յաջողութեան: Գործի անցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հանդուրժող եղէք, բաց սիրտ եւ բաց միտքով մօտեցէք հարցերուն: Շուտով մի՛ քննադատէք մէկը, ջանացէք նախ հասկնալ պատճառը հարցին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յարգեցէք յիշողութիւնը այն անձերուն, որոնք սիրելի եւ սուղ են ձեզի համար: Մնացէք հաւատարիմ ձեր համոզումներուն եւ հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնի թելադրանքին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր ժամանակը չէ հաշտութեան ձեռք երկարելու անձի մը: Ձեր միտքը որքան ալ բարի ըլլայ, այս հարցը ձգեցէք հիմա, սպասեցէք ժամանակի բերած բախտին:

