Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Անդրէասեան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը. Մովսիսեան Եւ Սարգսեան Կը Մնան Անպարտելի
Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան մրցումներուն, 10-րդ հանգրուանի ճակատումներուն Զաւէն Անդրէասեան կրեց իր առաջին պարտութիւնը: Սակայն Սերկէյ Մովսիսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան կը շարունակեն մնալ անպարտելի:
Նշենք, որ ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 281 ճատրակ խաղացողներ:
Այժմ պարագլուխի դիրքին վրայ առանձնացած է Ալեքսանտր Մոյսենքօ, որ ապահոված է 8 կէտ:
Ստորեւ հայ մասնակցողներուն ապահոված կէտերը.
ԿԷՏ
Վլատիմիր Յակոբեան 6
Սերկէյ Մովսիսեան 7
Գաբրիէլ Սարգսեան 6,5
Տիգրան Լ. Պետրոսեան 6,5
Հրանդ Մելքումեան 7
Աւետիք Գրիգորեան 5,5
Զաւէն Անդրէասեան 5,5
Ռոպերթ Յովհաննիսեան 6
Արման Փաշիկեան 6
Կարէն Գրիգորեան 5,5
Յովհաննէս Կապուզեան 5,5
Էլինա Դանիէլեան 5,5
Ռոպերթ Աղասարեան 6,5
Վլատիմիր Պօղոսեան 3

