Փինկ Փոնկ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Աւօ Մումջողլեան – Տաուտ Շըհայեպ Զոյգին Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի փինկ փոնկի ախոյեանութեան մրցումներուն, Լիբանանի տղոց զոյգը, կը շարունակէ իր յաղթարշաւը:

Արդարեւ, ախոյեանութեան երկրորդ օրը, Աւօ Մումջողլեան – Տաուտ Շըհայեպ զոյգը արձանագրեց երեք յաղթանակ` յաջորդաբար Սիշիլի, Սրի Լանքայի եւ Ուզպեքիստանի դէմ` հետեւեալ ձեւով.

Լիբանան – Սիշիլ` 3-0 (11-6, 11-3 եւ 11-5)
Լիբանան – Սրի Լանքա` 3-1 (11-8, 12-10, 10-12 եւ 11-4)
Լիբանան – Ուզպեքիստան` 3-2 (12-8, 10-12, 12-9, 9-12 եւ 11-7):

 

Share this Article
CATEGORIES