Ճատրակ. Այսօր Կը Սկսի Պէյրութի Միջազգային 6-րդ Բաց Մրցաշարքը
Կազմակերպութեամբ Ֆրերներու (Ֆըրն Շըպպեք) ակումբի շրջանաւարտներու միութեան եւ հովանաւորութեամբ նախկին նախարար Միշել Էտտէի, այսօր` ուրբաթ, 17 մայիսին, կը սկսի Պէյրութի ճատրակի միջազգային 6-րդ բաց մրցաշարքը: Անիկա պիտի աւարտի յառաջիկայ 24 մայիսին:
Մրցաշարքին համար տրամադրուած ընդհանուր գումարն է 6700 ամերիկեան տոլար: Տիտղոսակիրը պիտի ստանայ հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը:
Տեղի պիտի ունենան ընդամէնը 9 հանգրուանի մրցումներ, իւրաքանչիւր խաղացողի համար 90 վայրկեան (բնականաբար իւրաքանչիւր մրցումի համար), որուն վրայ կ՛աւելնայ 30 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր շարժումի համար:
Մրցաշարքին մասնակցողներուն կարգին է նաեւ հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան` նախորդ տարուան տիտղոսակիրը, որ երէկ ժամանեց Լիբանան:
Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն է Ուզպեքիստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Հասսան Թորտալիեւ, իսկ անոր օգնականը` հոլանտացի միջազգային իրաւարար Ալպերթ Ֆասէ:

