Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Իր Ախոյեանները
Ընթրիքի յատուկ երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Պալատ» ճաշարանին մէջ (Տըպպայէ), Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց իր ախոյեանները:
Այս պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի:
Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի եւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ, միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրի, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան, այլ ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբի նախագահ Ժիհատ Սալամէ, ակումբներու նախագահներ ու պատասխանատուներ եւ մարզիկներ:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Վաչէ Ծատուրեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Ժան Համմամի ըսաւ, որ նախագահի իր այս պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր (2004) հեծելարշաւի մարզաձեւը բաւական մեծ յառաջդիմութիւն գտաւ, որովհետեւ ակումբներուն թիւը 7-էն բարձրացաւ 15-ի:
Շարունակելով իր խօսքը` Ծատուրեան ըսաւ, որ բնականաբար այս մէկը հետեւանք է բոլոր այս մարզով հետաքրքրուողներուն անխտիր:
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին յաջողութեան մէջ իրենց մեծ բաժինը ունեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան եւ լիբանանեան բոլոր ակումբները:
Իսկ Ժան Համմամ շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները գնահատեց Վաչէ Ծատուրեանի տարած աշխատանքը, ինչ կը վերաբերի այս մարզին զարգացման:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութենէն ետք Վաչէ Ծատուրեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Ժան Համմամի:
Յատուկ կերպով պարգեւատրուեցաւ նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վազգէն Մելիքեան, որ իր հաստատած մրցանիշին շնորհիւ իր անունը արձանագրած էր մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ:
Վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:


