Անջրպետէն Լուրեր…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Քրիս Հատֆիլտ պարզ աստղանաւորդ մը չէ: Ան բազմաթիւ ամիսներ անցուց անջրպետի միջազգային կայանին մէջ: Սակայն հակառակ երկրագունդէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու ըլլալուն` ան միշտ ներկայ էր շնորհիւ համացանցին վրայ իր դրած վիտէոներուն: Ան այս կարճ ժապաւէներուն մէջ մեծ զուարթախոհութեամբ կը խօսի իր առօրեային մասին:

Քանատայի աստղանաւորդը Անջրպետի միջազգային կայանին հրամանատարն էր դեկտեմբեր 2012-էն ի վեր: Ան անջրպետին մէջ անցուց վեց ամիս: Այս ընթացքին ան անջրպետէն կարճ ժապաւէններ եւ նկարներ ցոյց կու տար համացանցին միջոցով: Ան այս ժապաւէններուն կը խօսէր այդ միջավայրին մէջ կատարած տարբեր նկատողութիւններուն մասին: Օրինակի համար, այդ ժապաւէններէն մէկուն մէջ Քրիս կը նկարէ իր ժամացոյցը անջրպետին մէջ: Ան նկատած է, թէ այդ առարկան ինչպէս մինակը կը շարժի իր դաստակին վրայ, կարծէք` կենդանի ըլլայ: Ասիկա առաջին բաներէն էր, որ ան նկատած է, երբ բարձրացած է անջրպետ:

Ան անջրպետին մէջ իր այս ճամբորդութիւնը կ՛օգտագործէ նաեւ պատասխանելու համար, նկարներով, անջրպետին մէջ առօրեայ կեանքին մասին հարցումներուն, ինչպէս` օրինակի համար, «ինչպէ՞ս կը խոզանակեն ակռաները», «ինչպէ՞ս կը քնանան», «ինչպէ՞ս կ՛եփեն շոմինը», «կարելի՞ է լալ»…

Այս տեսերիզները շատ մեծ յաջողութիւն գտած են, եւ միլիոնաւոր մարդիկ հետեւած են անջրպետին մէջ Քրիսի «արկածախնդրութիւններուն»: Այս յաջողութիւնը շատ լաւ լուր մըն է նաեւ անջրպետագնացութեան տարբեր կազմակերպութիւններու համար: Անոնց միջոցով հազարաւոր անձեր սկսած են հետաքրքրուիլ եւ երազել այդ նիւթերուն մասին: Անոնց մէջ վստահաբար կան պատանիներ, որոնց երազը ներկայի անջրպետ երթալ է:

«Կարելի՞ է լալ անջրպետին մէջ»

Ահա թէ ի՛նչ կ՛ըսէ Քրիս Հատֆիլտ.

«Ահաւասիկ հարցում մը, որ յաճախ կը հարցուի. արդեօք կարելի՞ է լալ անջրպետին մէջ:

Արդեօք արցունքները կը հոսի՞ն:

Ես չեմ կրնար հրահանգի մը վրայ լալ, բայց ջուր պիտի առնեմ, այն ջուրէն, զոր մենք կը գործածենք խմելու, եւ զայն աչքերուս մէջ պիտի դնեմ այնպէս, ինչպէս երբ պիտի լայի: Պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի:

Պիտի փորձեմ կայուն մնալ: Սկսանք: Ահաւասիկ, կարծէք` ես լալու սկսած եմ, աչքս արցունքներով լեցուն է: Սակայն կը տեսնէք, թէ ան պզտիկ ջուրի գունդ մը կը կազմէ աչքին վրայ: Ես կրնամ աւելի ջուր դնել… Հետեւաբար, եթէ ես շարունակեմ լալ, միշտ աւելի մեծ գունդ մը պիտի ստանամ աչքիս վրայ… մինչեւ որ վերջապէս ջուրը անցնի քիթին միւս կողմը եւ երթայ միւս աչքին մէջ… կամ շոգիանայ, կամ տարածուի այտերուս վրայ. կամ ալ միշտ կարելի է անձեռոց մը առնել եւ սրբուիլ:

Հետեւաբար, այո, կարելի է արցունքներ ունենալ աչքերուն մէջ: Անջրպետին մէջ կարելի է լալ: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ արցունքները չեն հոսիր: Հետեւաբար թաշկինակ մը պէտք է ունենալ»:

 

Ելեկտրոնային Տախտակներ
Բոլորին Համար

Թայլանտի մէջ կառավարութիւնը երկրին բոլոր աշակերտներուն ձրիօրէն պիտի բաժնէ 1,7 միլիոն ելեկտրոնային տախտակներ:

Մօտ օրէն Թայլանտի մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ եւ իւրաքանչիւր ուսուցիչ պիտի ունենան իրենց անձնական ելեկտրոնային տախտակը:

Կառավարութիւնն է, որ որոշումը տուած է բազմամիլիոն այդ տախտակներէն ձրիօրէն բաժնելու: Առաջին անգամն է, որ նման բաշխում մը կը կազմակերպուի աշխարհին մէջ:

 * * *

Այս տարի արդէն 1,7 միլիոն տախտակներ պիտի բաժնուին` աշակերտներուն առիթը տալու աւելի լաւ սորվելու: Յառաջիկայ տարի, Թայլանտի կառավարութիւնը կը նախատեսէ ուրիշ 7 միլիոն տախտակներ բաժնել:

Այս ելեկտրոնային տախտակները դպրոցին պիտի պատկանին, սակայն աշակերտները արտօնութիւն պիտի ունենան զանոնք տուն տանելու:

Այս գործողութեան նպատակը գիրքերը փոխարինելը չէ, եւ աշակերտները պէտք է օրական առաւելագոյնը երկու ժամ անոնց վրայ աշխատին:

 * * *

Ելեկտրոնային տախտակներ բաժնելու այս ծրագիրը աշխարհի ամէնէն մեծ նման գործողութիւնն է. սակայն ան մինակը չէ:

2009 թուականին Հարաւային Ամերիկայի մէջ Ուրուկուէյը դարձաւ աշխարհի առաջին երկիրը, ուր իր կառռավարական դպրոցներու աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համակարգիչներ բաժնեց ձրիօրէն:

Ուրիշ երկիրներ ալ հաստատած են դրութիւններ` համակարգիչ մը գնելու միջոցը չունեցող իրենց ուսանողներուն հայթայթելու նման գործիքներ: Այս ձեւով, ամերիկեան կարգ մը համալսարաններու մէջ ուսանողները կրնան ձրիօրէն համակարգիչներ ունենալ ժամանակաւորապէս:

 

Անասունները Կրնա՞ն
Կորսուիլ

Ինչո՞ւ մենք երբեմն կը հանդիպինք ծովափ ելած տասնեակաւոր դլփիններու կամ կէտերու:

Արդեօք անոնք իրենց ճամբան շփոթա՞ծ են: Գիտնականները բացատրութիւն չունին այս «զանգուածային նաւախրումներուն»:

Անոնք կ՛ենթադրեն, թէ անասունները կրնան իրենց կողմնորոշումի զգացումը կորսնցնել ձայնի ապականումի (ծովուն մէջ բազմաթիւ ձայներու ներկայութիւնը անոնց կ՛արգիլէ իրենց դիրքը ճշդելու) կամ ջուրի տաքնալուն պատճառով:

Երբեմն խումբը առաջնորդող անասունն է, որ շատ ծեր է կամ ուղղութիւնը կը կորսնցնէ: Սակայն այս բացատրութիւններէն ո՛չ մէկը տակաւին փաստուած է:

 

Շատ Զօրաւոր
Կտուց Մը

Ճարտարարուեստի մարզի փորձագէտները կը զմայլին անասուններուն հնարքներուն վրայ եւ անոնցմէ կը ներշնչուին տարբեր առարկաներ շինելու համար:

Այս ձեւով, ներկայիս մասնագէտներ շատ մօտէն կ՛ուսումնասիրեն դեղին եւ կանաչ փետուրներով թռչուն մը` կանաչ փայտփորիկը: Մէկ օրուան ընթացքին ան մինչեւ 12 հազար անգամ շատ զօրաւոր կերպով կը զարնէ ծառին կոճղին ժամական 25 քմ արագութեամբ:

 * * *

Այս կշռոյթով, փայտփորիկին կտուցը շատ շուտ պէտք է մաշի, սակայն անիկա անհաւատալիօրէն տոկուն է: Երկու անիւով մեքենաներ (շարժանիւներ) քշողներու գլուխը պաշտպանելու յատուկ գլխարկները շինողները կ՛երազեն այս թռչունին գաղտնիքը բացայայտել` իրենց գլխարկները շատ աւելի տոկուն դարձնելու համար:

 

Ծամածռութիւնները
Արգիլուած Են

Մեքսիքոյի կենդանաբանական պարտէզի անասնաբուժները նշմարած են, թէ բազմաթիւ անասուններ ընկճախտէ (սթրես) կը տառապէին: Հետեւաբար հաստատութեան տնօրէնը զանոնք այդ վիճակէն հանելու երկու որոշումներ կու տայ:

1.- Կենդանաբանական պարտէզը գոց պահել ժողովուրդին համար ամբողջ  երկուշաբթի օրը:

2.- Ծանր տուգանքով մը պատժել այն այցելուները, որոնք ծամածռութիւններ կ՛ընեն կապիկներուն:

 

Կիպրոսի Մէջ

Ըստ վերջին հետազօտութիւններուն, կատուն ընտելացած է Միջին Արեւելքի մէջ, մօտաւորապէս 10 հազար տարիներ առաջ, սկիզբը հունձքերը փճացնող կրծողներուն դէմ պայքարելու համար:

Այս բացատրութիւնը հաստատած է Կիպրոսի մէջ գտնուած 8700 տարուան կատուի մնացորդներով. ըստ ուսումնասիրութիւններուն, անասունը հոն բերուած էր հաւանաբար եգիպտացի երկրագործներու կողմէ:

 

Հետաքրքրական

Ուրկէ՞ կու գան այժմ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող կոկորդիլոսի չորս տարբեր տեսակները:

Եգիպտոսէն, ուր Նեղոս գետի ափերուն տակաւին կ՛ապրին անոնց քանի մը զարմիկները:

 

                                             Վեց Ամիս Առանց Ուտելու

5 միլիոն տարիներ առաջ Ափրիկէի եւ Ամերիկայի ափերը իրարմէ միայն քանի մը հարիւր քիլոմեթր հեռու կը գտնուէին: (ցամաքամասերը իրարմէ հեռանալէն առաջ):

Այդ շրջանին է, որ կոկորդիլոսները, որոնք կրնան ծովուն մէջ լողալ, վեց ամիս առանց ուտելու մնալով` գացած են նոր ափեր նուաճելու:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս մտնել լաբիւրինթոսին մէջ եւ գնումներու կառքը առնելով` ետ դուրս ելլել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել այն երկու կօշիկները, որոնք զոյգ մը կը կազմեն:

Կրնա՞ս գտնել գաւաթներու իւրաքանչիւր դէզի համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )