Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Այցելութիւնը Զահրանիի «Ֆանար» Հոգեբուժարան
Ինչպէս սովորութիւն դարձած է տօնական առիթներով, հաստատութենական խնամքի կարօտող հիւանդներ այցելել, մարտ 22, 2013-ին, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի երկու ընկերային ծառայողներ այցելեցին Զահրանի շրջանի մէջ գտնուող «Ֆանար» հոգեբուժարանը, ուր երկար տարիներէ ի վեր կը պատսպարուին մտային խանգարում ունեցող հայ հիւանդներ, որոնք անկարելի է պահել ընկերութեան մէջ:
Այս այցելութեան ընկերակցեցան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն Կարապետ քհնյ. Թաթէոսեան եւ կարգ մը ծնողներ:
Հիւանդները մէկտեղուեցան սրահի մը մէջ եւ իրենց բաժնուեցան Ս. Զատկուան աւանդական ուտելիքներ (գունաւոր հաւկիթ, չէօրեկ, տուրմ եւ այլն) եւ նուէրներ: Կարապետ քհնյ. պատշաճ աղօթքով մը փոխանցեց Ս. Յարութեան խորհուրդը եւ բոլորն ալ ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ արտայայտուեցան` զգացնելով, որ իրենց կարեւորութիւն տրուած է եւ տակաւին մարդիկ կան, որ չեն մոռցած զիրենք: Ներկայ ծնողներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ճինիշեան հաստատութեան ընծայած այս առիթին համար:
Այցելութիւնը թէեւ օգտաշատ, բայց շատ յուզիչ էր, տրուած ըլլալով, որ հիւանդները կարօտը ունին այցելուներու, մանաւանդ` ծնողներու եւ հարազատներու, որոնք յաճախ կը լքեն իրենց հիւանդները` թերանալով մարդկային նուազագոյն պարտականութեան մէջ:

