Իբրեւ Նախապատրաստութիւն Իր Տարեկան Համերգաշարին
Կիրակի,12 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00, իբրեւ նախապատրաստութիւն իր տարեկան հանրային թէ աշակերտական համերգներու, Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբը պտոյտի եւ փորձերու աւանդութեան վերածուած օր մը ապրեցաւ Մոնթէվերտիի Հայ աւետարանական ՔՋԱԿ-ի մէջ, ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի նուագակցութեամբ Կամիլա Քէշիշեանի:
Ամբողջ օրուան ընթացքին մանուկ եւ պատանի աւելի քան 100 կարկաչականներով կազմուած զոյգ խումբերը ,փոխն ի փոխ , փորձերու , երաժշտական ընդհանուր զարգացման ծրագրի եւ խաղերու ընդմէջէն աւարտի հասցուցին կիրակի, 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին , Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի «Ասեմպլի հոլ»-ի մէջ կայանալիք տարեկան համերգին պատրաստութիւնը:
Նշենք, որ յաջորդ օրը երկուշաբթի, 13 մայիսի առաւօտեան ժամը 9:30- ին եւ12:30- ին, «Յակոբ Տ. Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Կարկաչ» մատուցեց աշակերտական զոյգ համերգներ, կատարելով եօթը տարբեր լեզուներով պատրաստուած յայտագիր մը, որուն ներկայ եղան լիբանանահայ տարբեր դպրոցներէ շուրջ 1000 աշակերտներ: Աշակերտական համերգի աւարտին տեղի ունեցաւ երգի հաւաքական ուսուցում: Արցախեան շարժման 25-ամեակին առիթով ներկայ աշակերտները տեղւոյն վրայ սորվեցան եւ հաւաքաբար երգեցին Գրիգոր Հախինեանի «Ղարաբաղ» երգը: