Գրական Արձագանգ Հայ Բանաստեղծութիւն Արաբերէնով

Ժողովուրդներու մշակութային փոխադարձ ծանօթացման միջոցն է թարգմանութիւնը:

Ե. դարէն սկսեալ թարգմանութիւնը ընդգրկուած է մեր մշակոյթի զարգացման մէջ: Ունեցած ենք նաեւ թարգմանչաց տօնը: Ազգի մը թարգմանական աշխատանքները միակողմանի ուղղութեամբ պէտք չէ ընթանան: Որքան կարեւոր է օտար լեզուներէ գրական գեղեցկութիւնները հայեցնել, նոյնքան կարեւոր է հայ գրական արժէքները օտար լեզուներով աշխարհին ներկայացնելը:

Արաբական աշխարհին մէջ հայութիւնը հարիւր տարիէ աւելի ներկայութիւն եղած է, բայց մենք չենք յաջողած մեր մշակոյթը ըստ արժանւոյն ծանօթացնել արաբներուն, առանց նկատի ունենալու կարգ մը թարգմանական գործեր:

Առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մեծ հրատարակչատուներէն «Մրատ» հրատարակչատունը հայ ժողովուրդի հանդէպ մեծ սիրով եւ հիացումով իրագործած է հայ բանաստեղծութիւնը` իր ծագումէն սկսեալ մինչեւ ներկայ օրերը արաբերէնի թարգմանութեամբ, հրատարակելով «Շուարաունա սանիու մեժիտ Արմէնիա» խորագիրով թարգմանութիւնը վստահուած է ասպարէզով թարգմանչուհի, հայազգի Ժուլի Մրատին, որ տասնամեակ մը ամբողջ նուիրած է այս գործի յաջողութեան համար: Ինք բանաստեղծ եւ բանաստեղծութեան հանդէպ բացառիկ սիրով լեցուն, ոչինչ խնայած է հայ բանաստեղծները արաբներուն ծանօթացնելու առաջադրութեամբ: Ան իր այս գործով ուզած է ցոյց տալ եւ հաստատել, որ հայ բանաստեղծութիւնը միջազգային արժէքով մակարդակ ունի:

Գիրքին մէջ հայ բանաստեղծութեան մասին տեսական յօդուածով մը հանդէս եկած է Հայաստանի հեղինակաւոր գրականագէտներէն Երուանդ Տէր Խաչատուրեան: «Մրատ» հրատարակչատունը ունեցած է նաեւ գործակցութիւնը Հայաստանի ուրիշ հեղինակութիւններէն արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանի, որ ստորագրած է հայ վարպետ գեղանկարիչներու մասին մասնագիտական յօդուած մը:

Գիրքին մէջ տեղ գրաւած է նաեւ մտաւորական եւ քանիցս նախարար եղած Միշէլ Էտտէի համապարփակ ուսումնասիրութիւնը հայոց պատմութեան մասին, որուն մէջ ան կ՛արժեւորէ այս հատորը որպէս հայ բանաստեղծութեան թանկագին փունջ մը` նուիրուած արաբախօս աշխարհին: Մ. Էտտէ պատմաբանի իր հանգամանքով հեղինակած է հայոց մասին հրատարակուած հատորներ, որոնց բովանդակութիւնը կ՛արտայայտէ իր հմտութիւնը հայոց պատմութեան մասին եւ իր հիացումը` հայ ժողովուրդի մշակոյթին նկատմամբ:

Սոյն հատորի խմբագրման մէջ իրենց խորհուրդներով օգտակարութիւն ունեցած են գրականութեան գծով` Պէպօ Սիմոնեանն ու Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը, իսկ նկարչական գծով` Շահէն Խաչատրեան:

Խմբագիրներուն սկզբունքը եղած է իւրաքանչիւր բանաստեղծէ բնորոշիչ քերթուածներու թարգմանութիւնը, բանաստեղծին կենսագրականով եւ արժեւորումով, իսկ իւրաքանչիւր ընդգրկուած գեղանկարիչի մասին պատրաստուած համառօտ տեղեկութիւններով: Գիրքին հայկականութիւնը առաւել յատկանշուած է հայ մանրանկարչութենէն վերարտադրուած  գողտրիկ նմուշներով: Գիրքին մէջ ներառուած են երկու ապրող բանաստեղծներ, Հայաստանէն` Հենրիկ Էդոյեան եւ Սփիւռքէն Պեպօ Սիմոնեան:

Այս հատորը հայ մշակոյթին բերուած աննախընթաց նպաստ մըն է, որուն համար մեծապէս գնահատելի կը մնայ «Մրատ» հրատարակչատան սեփականատէր, հրատարակիչ եւ գլխաւոր տնօրէն դոկտ. Միշէլ Մրատ:

Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ մայիս 22-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ի, «Փավիոն ռուայալ Պիէլ»-ի մէջ, հովանաւորութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի: Գիրքերու մակագրումը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ եւ յաւարտ ձեռնարկին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES