Սրտի Խօսք. Հայոց Աստուածները Գահընկէց Չե՛ն Ըլլար (Պռոշեանցի Հրաչ Մուրադեանի Յիշատակին)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ի՞նչ է պատահեր հայ կեանքին, հարց պիտի տայ սկեպտիկ հայն անգամ, երբ ականատես դառնայ վերջին շրջանին հայրենիքին մէջ տիրող ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, քաղաքացիական, գաղափարախօսական եւ ազգագրական տարաբնոյթ երեւոյթներու, սիրտ ճմլող խորթութիւններու, պետական մակարդակի սարքուած խարդաւանանքներու, վարչատարածքային գայթակղեցուցիչ առանձնաշնորհումներու թէ գործառնութիւններու, եւ, անմիջապէս ծուկի գալով պիտի բարձրաձայնէ,- հոգիիդ լո˜յս Յակոբ Պարոնեան:
Թէ ինչո՛ւ այս առիթով կ՛ակնարկուի հայ գրականութեան մեծագոյն երգիծաբանին, պարզապէս կրկին ու կրկին արձանագրելու անոր վսեմ հոգիին, պայծառ մտքին, տեսլապաշտ մտածումներուն եւ անկոտրում կամքին իւրայատկութիւնը, ազգային խաղքութիւնները լաւապէս ճանչնալու անոր առանձնակի արժանիքն ու սրատեսութիւնը:
Ապրիլի 2, 2013:
Այդ օր հայոց աշխարհի երկնակամարին վրայ արտասովոր ու տարրերային պատկերներ զուգորդուցեան, Արցախի հրաշալի բնութիւնը այս անգամ տարբեր տիպի յաղթերգ մը մրմնջեց, Մռաւի լեռներու գագաթին հանգչած հայոց քաջազուն այրերու եւ սուրբ նահատակներու հոգիները անսովոր եռուզեռ մը ապրեցան, իսկ ազգ մը ամբողջ` ի տես քստմնելի ոճիրին, պահ մը շշմած ու լուռ, մտամոլոր ու հիասթափ, թէեւ ուզեց իր հարազատին` ազատամարտիկ Հրաչ Մուրադեանի յիշատակին անմիջական «Հոգւոց» մը արտասանել, սակայն կարողութիւն չունեցաւ, որովհետեւ ազգադաւ այս արարքին ազգեցութիւնը խորապէս ճնշիչ, ընդվզեցուցիչ եւ դատապարտելի էր միանգամայն:
Յիրաւի, ինչպէ՛ս պէտք է հասկնալ նորօրեայ ֆետայիի մը դաւադրաբար սպանութիւնը, այդ ալ հայրենիքի հողին վրայ, պարզապէս յագուրդ տալու հաճոյակատար ու անասնական բնազդներու:
Ե՛րբ է պատահեր, որ արիասիրտ ու աստուածահաճոյ տղոց սխրանքը, արիւնն ու քրտինքը այսքան աժան վերաբերումի ենթակայ դառնային:
Արդեօք,
Ճակատագիրի սեւ հեգնա՞նք պէտք է կոչել զայն:
Դաւաճանի ստորին ընթա՞ցք, կամ պատահակա՞ն երեւոյթ:
Անարգ սպանութի՞ւն, թէ՞ յաճախադէպ պատկերներ:
Սադայէլ մոլուցքի, մարդակերի ու արիւնառուշտի տեսականի՞, թէ՞ բնական կացութիւն:
Մարդասպանութիւն գործելու վատոգի ու պիղծ վարմո՞ւնք, որ առաւել եւս կը շարունակուի ու տակաւ կը բազմապատկուի աշխարհով մէկ:
Նիւթի պաշտամունքի, խենեշ կեանքի, նենգ տրամադրութիւններու, պանդոյր մօտեցումներու թէ ախտավարակ հոգեվիճակներու իբրեւ հետեւանք` զազիր արարքներու հանդէ՞ս, որուն ականատես ենք եղած մարդկութեան ծնունդէն ի վեր:
Ատելավար, այլատեաց ու գիշատիչ վարքագի՞ծ, որով կը բնորոշուի թուրք-ազերի թշնամին առհասարակ, եւ այլն:
Վստահաբար, նման մտածումներու եւ խռովայոյզ վիճակներու մատնուեցաւ իւրաքանչիւր հայորդի, երբ իր յուզաշխարհին մէջ թափանցեց մահուան մը գուժը, թրքավարի արարքի մը լուրը, այս պարագային` Պռոշեանցի սիրուած ու աննման գիւղապետի, արցախեան ազատամարտի բովէն անցած ու հաւատարմութեամբ շիկացած հերոսի, անզուգական ժողովրդանուէրի, խրոխտ հայրենասէրի, անբասիր ազգասէրի, հաւատաւոր ու գաղափարապաշտ դաշնակցականի անարգ սպանութիւնը:
Այո՛, եղբայրասպանութիւնը, որ կատարուեցաւ վարձկաններու ձեռամբ, թաքստոցէ մը` դաւադրաբար, նոյնինքն Արարատի վեհաշուք հովանիին ներքեւ, Ծիծեռնակաբերդի յուշարարի հայեացքներուն տակ ու մանաւանդ` Եռաբլուրի լո˜ւռ, բայց տիրակա՛ն ներկայութեան դիմաց:
Միւս կողմէ, անըմբռնելի կը մնայ այն, որ թէժ պատերազմի դաշտին վրայ Հրաչի նման հերոսներ, իրենց կուրծքն ու ճակատը թշնամիին ցցած` հայոց յաղթանակի աստուածներուն փառքը հիւսեցին, անդին վեհերոտ ու թրքածին հայ անհատներ, վատասերած ու գազանաբարոյ ստրկամիտներ, ոչ թէ միայն կը ժպրհէին երէկ ձեռք բարձրացնել, խոշտանգել ու սպաննել հայ բժիշկ սպան, այլ նաեւ, այսօր, փամփուշտ արձակեցին հայ ազնուական հոգիի մը ուղղութեամբ, հերոսապաշտութեամբ յագեցած դաշնակցականի մը դէմ, օր ցերեկով եւ սառնասրտօրէն:
Սիրելի՛ ընկեր,
Վստահաբար, յետ մահու զարմանք մըն ալ կ՛ապրիս, ի տես այն երեւոյթին, թէ ինչպէ՛ս քու պաշտելի ժողովուրդը համընդհանուր պոռթկումի եւ ընդվզումի ալիք չբարձրացուց պահանջելու համար ոչ միայն ոճրագործներուն շուտափոյթ ձերբակալումը, այլ նաեւ անոնց ետին կանգնող մութ ուժերու բացայայտումն ու արդարադատութեան ամպիոնէն անոնց դէմ ամէնէն ծանր վճիռի արձակումը, որպէս երաշխիք արդարութեան վերականգնումի եւ հայրենի պետութեան նկատմամբ վստահութեան ամրագրումին:
Հաւատայ, որ դագաղիդ ետեւէն քալող հազարաւոր հայորդիները տեսան հեզահամբոյր դէմքիդ վրայ քանդակուած հերոսի մը ժպիտն ու աստուածահաճոյ հեգնանքը, որով ըսել կ՛ուզէիր բոլորիս, թէ միթէ այս աստիճանի՞ խաղքութեան պէտք էր հասնէր հայ իրականութիւնը, որ չհանդուրժեր հաւատամքի ու ապառաժեայ կամքի տէր հայորդիներու ներկայութիւնը, հայ մարդու քաղաքական մտքի հասունութիւնն ու գաղափարական կազմաւորումը, այնքա՞ն մը պիտի ամլանար, եւ էութենէն լիցքաթափուէր, որ չկարենար ընդունիլ ժողովրդանուէրի կամքն ու կեցուածքը անգամ:
Հաւանաբար, ողջուցդ մեզի պիտի չարտօնէիր խօսիլ քու մարդկային բարեմասնութիւններուդ եւ դաշնակցականի աննման արժանիքներուդ մասին, որոնցմով զատորոշուեցար բոլորէն իբրեւ ազատասէրի, գաղտնապահի ու ծառայասէրի կերպար, սակայն մահդ եղաւ պարտաւորեցնող, որուն նկատմամբ կարելի չէր լռութիւն պահել երբե՛ք:
Ազգային ազատագրական մերօրեայ պայքարի իբրեւ մասնակից, հայոց լեռներուն ու կիրճերուն շաղախեցիր քաջութիւնդ ու քրտինքդ, եւ պատերազմի առաջին օրէն իսկ նետուեցար պայքարի դաշտ յանուն հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան:
Քաջ գիտենք, որ անդենականի մէջ կրկնակի դառնութիւն կ՛ապրիս, այն առումով, որ հայոց մեծահրաշ աստուածները, իրենց մահկանացուն կը կնքեն մարտի դաշտերուն վրայ, թշնամիի դէմ անհաւասար կռիւներու ընթացքին, պանծացնելու համար ազգային հերոսագրութիւնը, մինչ անդին` վախկոտ, գիշատիչ ու բարբարոս թուրք¬ազերին, այսպէս ասած հերոսացումի կեղծ պիտակներուն յանձնուած, օրն ի բուն կ՛աշխատի իր պարտուողի ու փախչողի դիմագիծը մաքրաջրելու համար, իր հայ սպայ սպաննած ոճրագործ վարձկանին «հերոսացնել»-ով, վատահամբաւ իր ժողովուրդին կորովը քիչ մը բարձր պահելու դիտաւորութեամբ:
Սիրելի՛ Հրաչ,
Մենք քեզ ճանչցանք մահէդ ետք: Դժբախտաբար, այս է ճակատագիրը իրաւ դաշնակցականին, որուն հայրենասէրի կոչումն ու ծառայական ոգին, այդ է պահանջած իրմէ աւելի քան հարիւր տարիէ:
Մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ դուն եղար այն հերոսածին տղան, որ իր ճակատագիրին ընդառաջ ստեղծեց իր գաղափարապաշտի հանգանակն ու պատուանդանը, որով կը կերտուին հայրենիքներ, կը գոյատեւեն ազգեր ու կուսակցութիւններ:
Խոստովանիմ, որ, չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ, անարգ սպանութեանդ լուրին ազդեցութեան տակ անմիջապէս ուրուագծուեցաւ նողկալի պատկեր մը, ուր թշնամին կը ծիծաղէր աներեսաբար` ի տես հայդուկի մը դաւադրաբար սպանութեան:
Միւս կողմէ, սակայն, մահովդ անգամ շարունակեցիր ծառայել հայրենիքիդ ու ժողովուրդիդ, անսալով այլ աստուածութեան մը` Նժդեհեան պատգամին, եւ դաշնակցականի հաւատամքիդ զօրութեամբ ակօսեցիր նորահաս սերունդի հոգիները եւ դարձար ապրող ռահվիրա ֆետայի, որուն աչքերէն շանթեր կ՛արձակուէին թշնամիին դէմ, ամէն անգամ որ ան կը փորձէր ոտնձգութիւններ կատարել եւ սպաննել ժողովուրդ մը ամբողջ:
Ժամանակները չեն կրնար մոռացութեան մատնել առասպել տղոց գործած սխրանքները, որովհետեւ անոնց հոգիները պիտի շարունակեն սաւառնիլ հայրենիքի ամբողջ տարածքին ու ապաստան գտնեն հայոց լեռնաշխարհի ամէնէն բարձր լեռներու գագաթին, ուրկէ պիտի շարունակեն իրենց զուլալ հոգիին ցոլքերը սփռել, յանուն բարօր կեանքի ու հայրենիքի անկախութեան:
Ի դէպ, դառնութեամբ լսեցինք, որ թրքածին անհատներ նոյնիսկ մահէդ ետք քեզ կը հալածեն, պղծելով սուրբ յիշատակդ: Սա ինքնին ապացոյց է քու մեծութեանդ, ժողովրդանուէրի կերպարիդ ու գաղափարի մարտիկի յատկութեանդ: Նման փոքրոգութիւններ կը ծառայեն միայն թշնամիին, որուն չարաչար պարտութեան մատնեցիր Արցախի լեռներուն, եւ կը շարունակես յաղթանակի երթդ, լուսաճաճանչ շիրիմիդ վեհութեամբ:
Մեծահոգի ու առաքինի ընկե՛ր, հպարտութեամբ իմացանք, որ արդէն մտածած ու նախաձեռնած էիր հայրենի հողին վրայ կառուցել Լիզպոնի տղոց յիշատակին նուիրուած յուշակոթող մը, եւ քու յամառ ու պինդ կեցուածքովդ ուզած էիր իրականութիւն դարձել երազդ` որ ամբողջ հայութեան երազն է ան, որ մարմնաւորած էիր ապրումներուդ ընդմէջէն:
Այո՛, ցաւ ի սիրտ, դուն չտեսար այդ վեհապանծ օր, ուր հայրենիքի սիրոյն նահատակուած հինգ հերոսածին աստուածութիւններ իրենց ձեւով մը հանգիստը պիտի գտնէին` հայրենի հողին շաղախուած:
Դաւադիր վարձկանները ուզեցին շիջեցնել նաեւ այս երազդ, սակայն ի զուր, որովհետեւ դուն ատակ էիր քու ասպետական հոգիիդ ու հաւատամքիդ շնորհիւ եղբայրակից դառնալ այլ աստուածութիւններու, եւ այդ գրկընդախառնումով իսկ նուաճել միայն քաջերու վերապահուած աստուածներու գահը, ուր պիտի շարունակես ապրիլ հերոսաբար:
Խունկ ու մոմ անթառամ շիրիմիդ:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր:

