Աւետիս Սոմունճեանի Քառասունքին Առիթով. «Վերջին Պատկեր»

Դժուար է, շատ դժուար է գրել հօր մը մասին, որ ամբողջ իր կեանքի տեւողութեան միայն զոհողութիւններու եւ նուիրումի օրինակ դարձած էր բոլորիս:

Չեմ գիտեր` ի՛նչ գրել, ինչպէ՛ս նկարագրել, սակայն կրնամ միայն զգացումներս եւ մտածումներս ամփոփել անոր անանձնական եւ մեծահոգի տիպարին մէջ:

Դամասկոս ապրած եւ աւելի ուշ Պէյրութ հաստատուած Աւետիս Սոմունճեանը ծառայեց եկեղեցւոյ եւ ՀՄԸՄ-ին եւ իր կեանքը հարստացուց չորս զաւակներով: Հայեցի կրթութիւնն ու ազգային դաստիարակութիւնը իր սկզբունքներէն մէկն էր: Խստապահանջ էր եւ անզիջող, բարոյական արժէքներու հետամուտ վերջին տարիներուն իր թոռնիկները իր կեանքի հարստութիւնն էին:

Հիմա անցած են քառասուն օրեր: Գիտենք, որ ֆիզիքական գոյութիւն չունի Աւետիս Սոմունճեանը, սակայն տան մէջ իւրաքանչիւր անկիւն անոր յիշատակը կը բուրէ: Մեր ամէն մէկ առտուն եւ իրիկունը մեր ականջները անոր վարակիչ ձայնով կը լեցուին եւ յիշատակներու տողանցք մը մնայուն ձեւով կ՛արշաւեն մեր մտքերուն մէջ: Յիշատակներ, որ մեր մանկութենէն մինչեւ այսօր ամէն մէկ յաջողութեան եւ ձախողութեան մեր կողքին մնաց ամէն մէկ ցաւն ու ուրախութիւնը բաժնեց, սակայն բոլորս անզօր` իր ցաւերուն լուռ հետեւողներ եղանք:

Այսպէս կեանքը պիտի շարունակուի, պիտի անցնին ամիսներ եւ տարիներ: Ինչպէ՞ս չխոնարհիլ անոր յիշատակին եւ խոստում չտալ, որ ամէն բան իր ուզած ձեւով համերաշխ, մաքուր, հայեցի, նուիրումով եւ իրար օգնելով պիտի շարունակուի:

Յիշատակները լաւ արարքներու շղթայ մըն են, որ մարդիկ իրենց կենդանութեան կը հիւսեն, եւ երբ առ յաւէտ կը հեռանան այս աշխարհէն, այդ յիշատակները մեզի համար լոյսի ճամբաներ կ՛ըլլան, որ նոյն ուղղութեամբ եւ նոյն թափով շարունակենք:

Յիշատակներու մէջ միշտ պիտի մնայ այն պատկերը, որ մահամերձ վիճակի վերջին վայրկեաններուն երբ քահանային շարականը լսեց, սկսաւ իր խրպոտ ձայնով միանալ «Տէր Ողորմեա»-ին եւ վերջին շունչը քաշեց:

Հիմա ամէն անգամ որ այդ շարականը լսեմ, այդ պատկերը կը վերակազմաւորուի իմ մտքիս մէջ եւ անգամ մը եւս ինքզինքս մխիթարուած կը զգամ, որ իր հաւատքով եւ սկզբունքով մահկանացուն կնքեց:

Կեանքի այս ալեկոծ եւ դժուար օրերուն դժուար է առանց հօր եւ մօր գուրգուրանքին եւ ցուցմունքներուն ապրելու, սակայն ճակատագիրը մեզի կը ստիպէ, որ կեանքը շարունակենք այսպէս մաքառելով եւ տոկալով բոլոր դժուարութիւններուն եւ անոնց յիշատակը անթառամ պահելով:

Հողդ թեթեւ գայ վրադ, հայրս…

ԱՂՋԻԿԴ`
ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )