Վարձքդ Կատար. Խումբ Մը Աշակերտներու Վկայութիւն

Սիրելի՛ պրն. Ալեքսան,

35 տարիներ դուք եղաք աշակերտներուն մտքերը լուսաւորող ջահ մը, որ այժմ կը մարի. Սակայն անոր բոցը եւ լոյսը աշակերտներուն մտքերուն մէջ փայլուն պիտի մնան:

Թէեւ այսօր որպէս կրթական մշակ կը բաժնուիս մեզմէ, բայց քու սորվեցուցած եւ փոխանցած գիտելիքներդ յարատեւ պիտի ապրին մեր մտքերուն մէջ եւ երբեք չանհետանան:

Սիրելի՛ պրն. Ալեքսան, դուն մեզի սորվեցուցիր ոչ միայն ուսումնական գիտելիքներ, այլ` կեանքի դասեր:

Ձեզմէ սորվեցանք ըլլալ խիզախ ու քաջ` մեր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն մէջ:

Թէեւ ձեզ կը կոչէին խիստ ուսուցիչ բայց այդ խստութեան ետին աշակերտներդ հոգատարութիւն եւ սէր կը տեսնէին:

Ձեր սիրալիր խստութեամբ մենք սորվեցանք ըլլալ հաստատամիտ ու կամքի տէր: Մեզի կ՛ըսէիր` «Ձեր այոն այո ըլլայ եւ ձեր ոչը` ոչ»: Նաեւ մեզի սորվեցուցիր նպատակով ապրիլ, թէ` մարդ անպայման կեանքի մէջ պէտք է նպատակ ունենայ, ուրեմն միշտ այդ նպատակին նայելով` յոյսով յառաջ գացէք ու մի՛ յուսահատիք, երբ դժուարութիւնները շրջապատեն ձեր կեանքը:

Շատ յաճախ ձեզ կը տեսնէինք զբօսանքի ժամերուն` նստած փոքր աշակերտներուն հետ, քաջալերելով զիրենք, մտիկ ընելով եւ հարցնելով, այսօր ինչպէ՞ս ըրիր դասերդ, քանի՞ հատ 100 առիր, կամ ըսելով` հոգ չէ՛, կրնաս աւելի լաւը ընել, միայն սորվէ եւ մի՛ յուսահատիր:

Պրն. Ալեքսանին ամէնէն կարեւոր յատկանիշը իր աշխատասիրութիւնն էր:

Ան յաճախ կը շեշտէր, որ յաջողութեան գաղտնիքը աշխատանքն է: Տաղանդը առանձին չի բաւեր. աշխատանք, ճշդապահութիւն եւ յարգանք` ասոնք են յաջողութեան բանալիները:

Ան կ՛ըսէր. «Ամէն մարդ ձիրք մը ունի, բայց անոր ետին կեցողը մեր սորված արժէքներն ու բարոյագիտութիւնն են, որոնք տարբերութիւն  պիտի բերեն մեր կեանքի յաջողութեան մէջ»:

Վերջապէս, այսօր խումբ մը աշակերտներով կու գանք խոնարհելու Ձեր առջեւ ու ըսել` դուք ուսուցիչէ մը աւելի եղաք մեզի, դուք եղաք մեզի հայր, ընկեր եւ բարեկամ:

Այսօր որպէս աշակերտներ, կ՛ուզենք ըսել ձեզի` շնորհակալ ենք, պրն. Ալեքսան, ձեր տարած աշխատանքին համար` որպէս կրթական մշակ:

Վարձքերնիդ կատար …

Ձեր յիշատակը միշտ անմար պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ:

ԳԱՅԵԱՆԷ ՄՍԸՐԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )