Ընկեր Ալեքսան Թիւմպերեանի Յիշատակին
Բոլորովին անակնկալ կերպով այնճարցիք կորսնցուցին ընկեր Ալեքսան Թիւմպերեանը:Ան յանկարծամահ եղաւ քառասուն օրեր առաջ` սուգի մատնելով իր հարազատներն ու գաղափարի ընկերները:
Գրեթէ ամէն գիշեր զինք կը տեսնէինք «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ` երէց ընկերներու հետ ժամանակ անցընելու: Թէեւ ճերմկած էին մազերը, սակայն ինք առոյգ էր եւ կայտառ: Մնացած էր ուսուցիչ բոլորին համար, հակառակ անոր որ տարիներէ ի վեր հանգստեան կոչուած էր:
Արդարեւ, ան կեանք մը ամբողջ անցուցած էր սերունդ կրթելով եւ ուսում ջամբելով:Ան այն սերունդէն էր, որ ծնունդ առաւ Այնճարի անապատին մէջ,սակայն հակառակ դաժան պայմաններուն, հետեւեցաւ ուսումի` հասնելով մինչեւ Հայկազեան համալսարան:
Վերադարձաւ գիւղ եւ ծառայեց իր ժողովուրդին:
Անդամագրուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն եւ նուիրումով ծառայեց, թէ՛ կոմիտէութեան տարբեր յանձնախումբերուն, թէ՛ նաեւ Այնճարի քաղաքապետութեան մէջ: Որպէս հաւատաւոր դաշնակցական, ան գործեց մինչեւ իր մահը` հաւատարիմ մնալով իր կուսակցութեան եւ ժողովուրդին:
Ընկեր Ալեքսան Թիւմպերեանի կորուստով Այնճարը կորսնցուց նուիրեալ ուսուցիչ մը եւ հաւատաւոր դաշնակցական մը:
ԸՆԿԵՐ ՄԸ

