Թերթատելով Պարսկահայոց «Արտազ» Ամսագիրը. Պատմական Արտազը (Բ.)
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Այժմ դառնանք դէպի Արտազ:
Արտազը մէկն էր Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգի 30-է աւելի գաւառներէն: Ճուաշ ու Նախճաւան գաւառներուն նման` անիկա աշխարհագրականօրէն հարեւան ու սահմանամերձ էր Ատրպատականին: Հետագային ան արդէն ուղղակի Ատրպատականի երկրամասին մէկ մասնիկը նկատուեր է, եւ հիմա ալ ա՛յդպէս է:
Արտազի տարածքը այսօր կը համապատասխանէ Մակուի շրջանին, որ Իրանի ամէնէն հիւսիսային գօտին է եւ կից է Թուրքիոյ սահմանին: Կը գտնուի զոյգ Մասիսներէն շուրջ 40 քմ. դէպի հարաւ:
Սկիզբը պատկանած է Ամատունիներու նախարարական տոհմին` իբրեւ անոնց ժառանգական տիրոյթը: Ը. դարու երկրորդ կիսուն անցեր է Արծրունեաց տոհմին ձեռքը, աւելի ուշ` Բագրատունիներուն:
Ըստ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի վկայութեան, Արտազ նախապէս կը կոչուէր Շաւարշան: Այս անուանումը անծանօթ չէ մեզի, քանի Վարդանանց հերոսամարտին ձօնուած պատմագրական երկերու, վէպերու, քերթուածներու կամ շարականներու մէջ բազմիցս յիշատակուած է ան:
Արդարեւ, մեր Հաւատքի Ճակատամարտը հո՛ս է, որ տեղի ունեցած է 26 մայիս 451 թուին: Վարդան Մամիկոնեան իր 66 հազար զինուորներով հո՛ս է, որ ճակատեր է պարսից Սասանեան կայսրութեան բանակներուն դէմ ու նահատակուէր:
Արտազը դեռ շատ բան կը յուշէ մեզի: Կը յուշէ Աւարայրի դաշտը, կը յուշէ անոր մէջէն անցնող Տղմուտ գետը, կը յուշէ Ներսեհապատ գիւղը (ուր Վահան Մամիկոնեան 482-ին պարսիկներու դէմ յաղթական ճակատամարտով մը ճամբայ հարթեց Նուարսակի դաշնագրին` իր գլխուն վերեւ ունենալով Յովհան Մանդակունի կաթողիկոսին աղօթքներն ու օրհնութիւնը…), տակաւին կը յուշէ հռչակաւորն հնադարեան Ս. Թադէի վանքը (որ բարեբախտաբար կանգուն ու գործօն է առ այսօր ու հազարաւոր ուխտաւորներ կ՛ընդունի ամէն տարի), կը յուշէ Արաքսի ափին կանգուն Ս. Ստեփանոս Նախավկայի որբացած վանքը, կը յուշէ Ծործորի եկեղեցին` երբեմնի իր դպրոցով ու գրչութեան կեդրոնով, կը յուշէ վիպագիր Րաֆֆին` իր «Սամուէլ»-ով, «Խենթը»-ով ու «Խաչագողի յիշատակարան»-ով, կը յուշէ զօր. Անդրանիկն ու Դիլմանի ճակատամարտը (1915 ապրիլ), կը յուշէ պարսկական յեղափոխութեան կարկառուն դէմքերէն Եփրեմ Խանը, կը յուշէ մարտական ձեռնարկներու յայտնի ղեկավար Թադէոսեան Սամսոն Խանը…:
Արտազի եւ ամբողջ Ատրպատականի պատմութեան մէջ շատ ուշագրաւ եղած է այն բացառիկ դերը, զոր խաղացեր է Հայ եկեղեցին այստեղ, դեռ քրիստոնէութեան ծլարձակումի սկզբնական օրերէն:
Մեր առաջին լուսաւորիչներուն` Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու անունները անմիջականօրէն կապուած են այս շրջանի հողամասերուն: Խորենացին կը պատմէ, որ Թադէոս առաքեալ Եդեսիոյ մէջ Աբգար թագաւորը բժշկելէ ու զայն քրիստոնեայ մկրտելէ ետք Հայաստան մտաւ ու իր քարոզախօսութիւններուն կիզակէտը դարձուց Արտազ գաւառը, հո՛ն ալ նահատակուեցաւ (շիրիմը կը գտնուի Ս. Թադէի վանքին մէջ): Իսկ Բարթողիմէոս առաքեալի համար մեր ազգային աւանդական պատմութիւնը կը վկայէ, որ ան Սիւնիքի վրայով եկաւ Հեր եւ Զարեւանդ գաւառները, հոնկէ անցաւ Վասպուրականի Անձեւացեաց գաւառը, ի վերջոյ նահատակուելու համար Աղբակի մէջ (այժմու թրքական Պաշքալէն, Վանի եւ Հաքքարիի միջեւ, գրեթէ սահմանակից` Ատրպատականին: Մինչեւ 1915 այստեղ տակաւին կանգուն կը մնար առաքեալին գերեզմանը պարփակող Ս. Բարթողիմէոսի նշանաւոր վանքը):
Դարձեալ ապաւինելով մեր աւանդական պատմութեան, կը տեսնենք, թէ կայ վարկած մը, ըստ որու, նախալուսաւորչեան շրջանին, այսինքն` Ա.-Գ. դարերու ամբողջ տեւողութեան, հեթանոս Հայաստանի տարածքին գաղտնօրէն ապրող ու հետզհետէ ուռճացող քրիստոնեայ զանգուածները ունեցեր են իրենց հոգեւոր պետերը կամ հայրապետները` մերթ Սիւնիքի ու մերթ ալ Արտազի մէջ: Այս տեսակէտը ամէնէն բուռն կերպով պաշտպանած է Օրմանեան սրբազան` նիւթին վերաբերեալ ի մի խմբելով առձեռն տեղեկութիւններ, տուեալներ ու անուններ իր կոթողային «Ազգապատում»-ին մէջ ու միշտ պնդելով Արտազու Աթոռի մը շարունակական առաքելութեան ու առաջնային գործունէութեան մասին` նախքան 301 թուականի պաշտօնական դարձը:
Ու երբ կը մտնենք Գրիգոր Լուսաւորիչի ու Տրդատ թագաւորի ժամանակաշրջանէն ներս, Ատրպատականը դա՛րձեալ կը ցցուի մեր դիմաց: Ագաթանգեղոս պատմիչը կը գրէ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր հովուական հոգածութիւնը տարածեց ոչ միայն Վրաց ու Աղուանից երկիրներուն մէջ, այլեւ` «մինչեւ յԱտրպատական ձգտէր տարածանէր զաւետարանութիւն իւր», այդ կողմերուն համար ձեռնադրելով առանձին եպիսկոպոսներ:
Արտազու Աթոռը կամ թեմը հեղինակութիւն ու վարկ վայելած է բոլո՛ր դարերուն:
Յիշատակարժան պատմական դրուագ մը լաւագոյնս կը բացատրէ մեր միտքը. ԺԲ. դարու սկիզբը, 1113 թուականին, երբ Կիլիկիոյ Քեսուն բերդաւանին մերձակայ Կարմիր վանքին մէջ կաթողիկոս կ՛ընտրուի Գրիգոր Գ. Պահլաւունին (երէց եղբայրը Ներսէս Շնորհալիի), Աղթամարի միաբաններէն Դաւիթ Թոռնիկեան եպիսկոպոսը նորընտիր կաթողիկոսին անչափահասութիւնը պատրուակելով` կը մերժէ ճանչնալ այս ընտրութիւնը: Ան անընդունելի կը գտնէ նաեւ, որ Արեւելեան Հայաստանի կամ Մեծ Հայքի թեմերու ներկայացուցիչները զանց առնուած ըլլային ընտրական ամբողջ գործընթացէն: Քայլ մը առաջ ալ անցնելով` ան Աղթամարի մէջ կը յանդգնի ստեղծել հակաթոռ մը ու ինքզինք Ամենայն հայոց կաթողիկոս հռչակելով` ձեռնադրութիւն կը ստանայ համակիր քանի մը եպիսկոպոսներէ… Փաստօրէն հայրապետական աթոռը կ՛երկփեղկուի (ու այդ թուականէն սկսեալ ծագում կ՛առնէ Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը):
Ստեղծուած պառակտումին առաջքն առնելու համար նոյն Կարմիր վանքին մէջ կը գումարուի հոգեւորականներու եւ աշխարհիկ պետերու բազմամարդ ժողով մը, որ կը դատապարտէ ու կը բանադրէ Դաւիթը եւ կը վերահաստատէ Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի օրինաւորութիւնը: Սակայն նկատի ունենալով Թոռնիկեանի այն արդարացի առարկութիւնը, թէ Գրիգոր Պահլաւունիի ընտրութիւնը կատարուած էր բուն Հայաստանի սահմաններէն դուրս, ուստի Կարմիր վանքի ժողովը կ՛որոշէ նաեւ, որ այնուհետեւ Մեծ Հայքէն դուրս կատարուած կաթողիկոսական ընտրութիւններու ատեն անհրաժեշտաբար հաւանութիւնը առնուէր Բջնիի, Հաղբատի, Տաթեւի եւ Արտազի եպիսկոպոսական չորս մեծ աթոռներուն: Այսպիսով, ապահովուած պիտի ըլլար Արեւելեան Հայաստանի օրինաւոր մասնակցութիւնն ու կարծիքը` հայոց ընդհանրական հայրապետներու ընտրութեան մէջ:
Նոյն դարուն վերջին քառորդին, ճշգրտօրէն` 1179-ին, երբ Գրիգոր Դ. Տղայ կաթողիկոսին հրաւէրով կը գումարուի Հռոմկլայի եկեղեցական նշանաւոր ժողովը` քննարկելու համար Հայ եկեղեցւոյ դաւանական միութեան հարցը Բիւզանդիոնի Յոյն եկեղեցիին հետ, Պարսկահայքի շրջանէն երկու բարձրաստիճան լիազօր հայ եկեղեցականներ ներկայութիւն կը բերեն այնտեղ. Ղազար եպիսկոպոս` իբրեւ Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներու ներկայացուցիչ ու Ստեփանոս եպիսկոպոս` իբրեւ Սալմաստի ներկայացուցիչ: Այլ խօսքով, անոնք կը ներկայացնէին Ատրպատականը:
Ահա այսպէս, Արտազ ու Ատրպատական հեղինակութիւն ու դիրք կը պահէին երկար տասնամեակներ:
Արտազու Աթոռը մեզ կը շշմեցնէ նաեւ ԺԳ.-ԺԵ. դարերուն, երբ Ս. Թադէի վանքին եպիսկոպոսները ձեռք կ՛առնեն գաւառին աշխարհիկ գործերն ալ ու կը հիմնեն Մակուի Հայկական Իշխանութիւնը: Ասիկա բարերար արդիւնքներէն մէկն էր հայ-մոնկոլական այն զինակցութեան կամ դաշինքին, զոր Կիլիկիոյ Հեթում Ա. հեռատես թագաւորը կը ստորագրէր մոնկոլներու Մանգու խանին հետ, 1254-ին, անոնց իսկ մայրաքաղաքին` Գարագորումի մէջ, ուր գացեր էր առասպելական ճամբորդութիւն մը իրականացնելով:
Արտազու Աթոռին հովանաւորած այս իւրայատուկ իշխանութիւնը կը տեւէր տասնամեակներ շարունակ, կը յաջողէր դիմադրել նոյնիսկ Լենկթիմուրի արշաւանքներուն (ԺԴ. դարու վերջերը), բայց հեւասպառ կ՛իյնար թիւրքմէն գարաքոյունլուներու կրունկներուն տակ, 1426-ին…
* * *
Արտազու պատմական այս աթոռին այժմու ժառանգորդն է ահա Ատրպատականի հայոց թեմը:
Իրանահայ երեք թեմերուն մէջ` հնագոյնը (միւս երկու թեմերն են Սպահանն ու Թեհրանը): Թէեւ, կազմակերպական ցանցի եւ համրանքի կարգով, մայրաքաղաք Թեհրանը այսօր կը գրաւէ առաջին տեղը:
Նշենք, որ մինչեւ 1833 թեմին առաջնորդանիստ կեդրոնը Ս. Թադէի վանքն եղած է, այնուհետեւ փոխադրուած է Թաւրիզ, ուր կը մնայ ցայսօր:
Ատրպատականի պատմական այս թեմը, բոլոր ժամանակներու մէջ եւ ամէն առիթով, շրջանի ցիրուցան հայերը միաւորող գլխաւոր ամպհովանին հանդիսացած է:
Նախաեղեռնեան մեր պատմութեան խմորումներուն ծանօթ ամէն ոք գիտէ, որ Ատրպատական շատ նշանակալից դեր խաղացեր էր նաեւ ԺԹ. դարու վերջերէն սկսեալ` հայ ազատագրական պայքարին մէջ, իբրեւ հայդուկային շարժումի կարեւոր յենակէտերէն մէկը: Այստեղէ՛ն է, որ Ֆետայական բազմաթիւ խումբեր Արեւմտահայաստան կը թափանցէին, յարձակումներ կը գործէին, կը փոխադրէին զէնք, զինամթերք եւ յեղափոխական արգիլեալ գրականութիւն ու մամուլ… Ս. Թադէի օրհնութիւնն ալ միշտ անպակաս էր անոնց վրայէն…:
Իրանահայ երեք թեմերն ալ 1958-էն ի վեր ենթակայ են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Ատրպատականի թեմը վերջին երկու տասնամեակներուն իրեն հոգեւոր պետ ունեցաւ երիտասարդ Նշան վրդ. (ապա եպս.) Թօփուզեանը, որ նախ իբրեւ կաթողիկոսական փոխանորդ, այնուհետեւ իբրեւ ընտրեալ առաջնորդ պաշտօնավարեց Թաւրիզի մէջ 1991-էն սկսեալ, մինչեւ իր վաղաժամ ու անսպասելի վախճանումը 2010 ապրիլին, 44 տարեկանին: Ամէն մարդ կը յիշէ, թէ 2005 դեկտեմբեր ամսուն Նշան սրբազան որսորդական տարազի տակ ծպտուած, ի՛նչպէս իր անձը վտանգի ենթարկելով` կարողացած էր Արաքսի պարսկական ափէն հետեւիլ ու նկարահանել Ջուղայի հայկական գերեզմանատան (Նախիջեւան) հազարաւոր գեղաքանդակ խաչքարերուն քանդումն ու ոչնչացումը Ազրպէյճանի բանակային միաւորներուն կողմէ: Մեր ժամանակակից պատմութեան մշակութային վերջին եղեռնն էր ասիկա…
Զինքը կանխող թեմակալ առաջնորդներու երկար ցուցակին մէջ չեն պակսիր բազմարդիւն եւ ժողովրդանուէր եկեղեցականներու անուններ ալ, ինչպէս` Սահակ եպս. Սաթունեանը (1850-ականներուն), Ստեփանոս արք. Մխիթարեանը (?1886-92), Սահակ եպս. Այվատեանը (?1898-1901), Կարապետ եպս. Տէր Մկրտիչեանը (1907-11) կամ Վարդան ծ. վրդ. Տէմիրճեանը (1963-69), որ պատրաստեց ու հրատարակեց «Դիւան Ատրպատականի հայոց պատմութեան» չորս թանկագին հատորները (1966-1977):
Կայ անուն մը սակայն, որուն դիմաց հարկ կը զգամ առանձնապէս կանգ առնել: Անիկա Մելիք-Թանգեան սրբազանն է, որ պայծառ խորհրդանիշներէն մին է Ատրպատականի թեմին: Իր հոգեւոր եւ ազգային բեղուն գործունէութեամբ, պատկառազդու անձով ու մատենագրական վաստակով` մէկն է ան 20-րդ դարու հայ մեծանուն եւ անկրկնելի եկեղեցականներէն:
Հալէպ
(Շար. 2)



