Նախագահ Սարգսեան Ստանձնեց Նոր Զելանտայի Դեսպանին Հաւատարմագիրները

17 մայիսին Հայաստանի մէջ Նոր Զելանտայի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հեմիշ Քուպեր իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց Հայաստանի մէջ նոր Զելանտայի առաջին դեսպանին նշանակումը եւ յոյս յայտնեց, որ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ կարեւոր ու պատասխանատու այդ պաշտօնին Քուպեր իր անձնական ներդրումը պիտի ունենայ կապերու ամրապնդման եւ Հայաստանի ու Նոր Զելանտայի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթաց ապահովելու գործին մէջ:

Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր` նախորդ տարիներուն, համագործակցութեան եւ յարաբերութիւններու զարգացման առկայ մեծ ներուժը լիարժէք չէ օգտագործուած եւ ժամանակն է այդ բացթողումը լրացնելու:

Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Նոր Զելանտայի միջեւ սերտ եւ փոխադարձ գործակցութեան հաստատումը միջազգային կառոյցներու շրջագիծին մէջ:

Դեսպան Հեմիշ Քուպեր վստահեցուց, որ պիտի կատարէ առաւելագոյնը երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կարելի բոլոր մարզերուն մէջ զարգացնելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES