Արցախ. Նախագահ Սահակեան Մասնակցեցաւ Բերձորի Զատագրութեան 21-ամեակին Տօնակատարութեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 մայիսին մասնակցեցաւ Բերձոր քաղաքի ազատագրման 21-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:

Նախագահ Սահակեան ծաղկեպսակ դրաւ Արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ եւ պետական պարգեւներ ու արժէքաւոր նուէրներ յանձնեց խումբ մը անձերու:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան Բերձորի ազատագրումը բնութագրեց իբրեւ կարեւոր զինուորական, քաղաքական եւ հոգեբանական յաղթանակ, որ ճեղքեց մօտ 70 տարի տեւած Արցախի շրջափակումը` աւելցնելով, որ առանց այդ յաղթանակին անկարելի պիտի ըլլար պաշտպանել Արցախի անկախութիւնն ու ազատութիւնը եւ կայուն հիմքեր ստեղծել անոր յուսալի զարգացման ու զօրացման համար:

Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ Քաշաթաղի շրջանի զարգացումը այսուհետեւ պիտի ըլլայ Արցախի իշխանութիւններուն մնայուն ուշադրութեան կեդրոնը եւ մօտակայ տարիներուն այդտեղ պիտի իրականացուին շարք մը մեծ ծրագիրներ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES