Միացեալ Նահանգներու Հայերն Ու Յոյները Դիմած Են Սպիտակ Տան` Ընդդէմ Թուրքիոյ
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու հայ եւ յոյն համայնքները միասնական յայտարարութեամբ դիմած են Սպիտակ տան, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ Անգարայի հետ առեւտրական յարաբերութիւններուն մէջ նախապայմաններ առաջադրեն:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան կիզակէտին մէջ կողմերը մասնաւորաբար պահանջած են, որ Միացեալ Նահանգներ Անգարայէն պահանջեն դադրեցնել Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ Հայաստանի շրջափակումը: Կողմերը կը նշեն, որ Անգարա առեւտրական, ներդրումային եւ այլ խոչընդոտներ կը յարուցէ Կիպրոսի եւ Հայաստանի դէմ:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը ամիսներ շարունակ մեծ ջանքեր կը թափէ ներառուելու համար Անդրատլանտեան առեւտրական եւ ներդրումային գործընկերութեան մէջ:
CATEGORIES Հայկական

