Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր լաւ աշխատանք եւ արդիւնք պիտի ունենաք: Գործատէր թէ աշխատաւոր` նոյն խանդավառութեամբ պիտի ունենաք յաջողութիւն: Շարունակեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լաւ գաղափարներ պիտի ունենաք օրուան ծրագիրները որոշելու: Պիտի կարենաք ձեր ձեռքին ունենալ այն ամէնը, որուն կը ձգտէիք երկար ատենէ ի վեր:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ օգնութեան կարիքը ունիք, ուզեցէք, ասիկա չի նշանակեր, թէ կը կորսնցնէք ձեր անկախութիւնը: Ամէն ինչ առանձինն չէք կրնար կատարել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ունիք արուեստի հակում եւ արուեստագէտի կոչում, արտայայտեցէք ձեր ձիրքերը, որպէսզի ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գործին վերաբերեալ լաւ որոշում մը պիտի տաք ճիշդ ժամանակին: Օրը յարմար է յաջողութեամբ աւարտելու ձեր աշխատանքը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ սպասէք, որ ուրիշներ ձեր փոխարէն որոշում տան: Դուք ձեր ձեռքին ունիք ամէն ինչ, արտօնութիւն եւ իրաւունք` կարենալ գործի անցնելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի կարենաք իրագործել որոշում մը, որ կը վերաբերի ձեր աշխատանքին: Ունիք տուեալներ եւ կարողութիւն` յաջողութեամբ աւարտելու օրուան համար որոշուած ծրագիրները:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր որոշած ծրագիրները հետզհետէ մարմին կ՛առնեն: Իրաւունք ունիք լաւատես ըլլալու: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք հաճելի հանդիպումներ` ձեր գործին վերելքին նպաստող:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ վախնաք սխալներ գործելու: Այսպէս է, որ մարդիկ կը սորվին: Կարեւորը սորվիլն է եւ սխալը չկրկնելը: Ուշադիր եղէք ամէն պարագայի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր նախազգացումը ձեզ կ՛առաջնորդէ ճիշդ որոշում տալու: Այսօր նկատի պիտի առնէք այս իրողութիւնը: Ուրիշին խօսքերուն մտիկ մի՛ ընէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երբ հարց մը քննարկէք, միշտ լաւ կողմէն մօտեցէք, որպէսզի դրական մօտեցում ունենաք եւ լաւատեսութեամբ ներշնչուիք: Օրը պիտի օգնէ ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
փԱշխատանքի մէջ ըլլաք թէ տան գործերով զբաղուած, միշտ մտիկ ըրէք ձեզի ուղղուած խօսքերը: Ճշդապահ եւ օրինապահ եղէք միշտ:

