50 Տարի Առաջ (21 Մայիս 1963)
ՀՄԸՄ-ի «Մարզական Շաբաթ»-ը Փառաւոր
Յաջողութեամբ Մը Պսակուեցաւ
Հսկայ Բազմութիւն Մը Ներկայ Գտնուեցաւ
Ֆութպոլի Մրցումին Եւ Փառահեղ Տողանցքին
Քսան հազարի հասնող խուռներամ բազմութիւն մը կիրակի, 19 մայիսի կէսօրէ ետք, փութացած էր Մարզական աւան` ներկայ գտնուելու համար ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Մարզական շաբաթ»-ի փակման հանդիսութեան, որ դրուած էր Լիբանանի հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ն. Վ. Փիեռ Ժեմայէլի հովանաւորութեան ներքեւ:
Մարզաւանը տօնական օրերու կերպարանք ստացած էր: Պատուոյ թրիպիւնին երկու կողմերը ընդարձակ տարածութեան մը վրայ խռնուած տարածութեան որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեց վսեմաշուք նախարարին ժամանումը:
Նոյն ոգեւորութիւնն ու ծափերը վերջ չունեցան, երբ ժամանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ը` շրջապատուած միաբանութեան անդամներուն կողմէ:
Օրուան թագուհին էր ազնուափայլ տիկին Մարկօ Խ. Պապիկեան, պատուոյ օրիորդներն էին` Էլզա Ազիրեան, Ժոզէֆին Աշճեան, Մանուշակ Ներսէսեան, Անի Պալեան, Շաքէ Պետիրեան, Ռեբեքա Պետոյեան, Յասմիկ Սարհատեան եւ Սոնա Քէօլէեան:
Ժամը 3:30-ին, դաշտ իջան Թեհրանի «Արարատ»-ի ու ՀՄԸՄ Պէյրութի ֆութպոլի խումբերը, որոնք արժանացան բուռն ծափահարութիւններու: Իրանեան եւ լիբանանեան քայլերգներէն ետք, մրցումը սկսաւ, իրաւարարութեամբ միջազգային իրաւարար Սարգիս Տեմիրճեանի:
Երկու խումբերը, որոնք անցեալ կիրակի հաւասար մնացած էին (1-1), անցնող շաբթուան ընթացքին տենդագին աշխատանքի լծուած էին երկուստեք` կարենալ տիրանալու համար Շրջանային վարչութեան տրամադրած բաժակին:
Կիսախաղը սուլուեցաւ 2-0 արդիւնքով, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:
Երկրորդ կիսախաղին, Թեհրան դաշտ իջաւ աւելի վճռականօրէն: Արդարեւ, անոր առաջապահները սկսան վտանգաւոր դառնալ եւ վտանգել ՀՄԸՄ-ի բերդը:
Մրցումը վերջացաւ 2-1 արդիւնքով, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:
Մրցումի ընթացքին կամ կիսախաղին տեղի ունեցան վազքի մրցումներ, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի եւ Ժունիէի մասնաճիւղերուն միջեւ, 100 մեթր վազքը շահեցաւ Ժունիէի մասնաճիւղէն Արա Պալեան, իսկ դրօշարշաւը շահեցաւ Պուրճ Համուտի խումբը:
Փառահեղ Տողանցք
Ֆութպոլի մրցումի կիսախաղին տեղի ունեցաւ աւելի քան 1500 ՀՄԸՄ-ականներու տողանցքը, որուն անհամբեր կը սպասէր մարզասէր հասարակութիւնը:
Ժամը 4:30-ին, դաշտի հիւսիս-արեւելեան անկիւնէն շարժեցաւ ՀՄԸՄ-ական բանակը, առաջնորդութեամբ Պուրճ Համուտի նուագախումբին: Ժողովուրդին մօտ խանդավառութիւնը ալիք-ալիք կը ծաւալէր` հասնելու համար իր գագաթնակէտին, երբ մարզիկներու եւ սկաուտներու գունագեղ խումբը ժապաւէնի մը պէս կը քակուէր` անցնելու համար պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն:
Նախ կու գային դրօշակիրները, առաջնորդութեամբ լիբանանեան դրօշակը կրող մարզիկին: Անոնց ետեւէն սկաուտներու, գայլիկներու եւ արծուիկներու բազմաթիւ խումբերը, ապա` արենոյշները, դարձեալ սկաուտներ, գայլիկներ, կակուղ թաթիկներ, որոնք հազիւ կը քալէին, բայց կարծէք ունէին գիտակցութիւնը` անմոռանալի օրուան մը:
Իւրաքանչիւր խումբի անցքին, ժողովուրդը խելայեղօրէն կը ծափահարէր: Կ՛անցնէին խիտ շարքերով, ապագայ սերունդին ներկայացուցիչները, հպարտ կուրծքերով, արծուի նայուածքներով, ՀՄԸՄ-ի դրօշին տակ:
Սկաուտական շարքերէն ետք, կարգը եկաւ մարզիկներուն,- ֆութպոլիստներ, պասքեթպոլիստներ (երկսեռ) փոնկիսաներ, հեծելանւորդներ, անհամար խումբեր, որոնք կը կազմեն ՀՄԸՄ-ի ծաւալուն եւ կենսունակ կազմակերպութեան վաղուան յոյսը, նոր յաղթանակներու եւ գեղեցիկ նուաճումներու գրաւականը:
Անցան բոլորը, կանոնաւոր շարքերով ու տարածուեցան դաշտին մէջ, երփներանգ ծաղիկներու փունջ մը կազմելով: Տողանցքի ընդհանուր պատասխանատու սկաուտ խմբապետ Յակոբ Ոսկերիչեանի եւ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանի ազդանշանին վրայ, բանակը առաջ շարժեցաւ եւ պատուի առաւ ժողովուրդը` մինչ նուագախումբը կը հնչեցնէր լիբանանեան քայլերգը ու «Յառաջ նահատակ»-ը: Այդ պահուն է, որ սարսուռ մը անցաւ բոլորի հոգիէն ներս, արցունքը տամկացուց բոլորի աչքերը, ուրախութեան արցունքներ, ապագայի վառ երազներու խոստումին ի տես:
Մրցանակաբաշխութիւն
Տողանցքէն եւ ֆութպոլի մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Օրուան թագուհի տիկին Մարկօ Պապիկեան բաժակը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբի խմբապետ Սարգիս Սարգիսեանի, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, համբուրեց վեհափառ հայրապետի աջը եւ ապա թօթուեց Փիեռ Ժեմայէլի ձեռքը: Սարգիսեանի յաջորդեցին իր բոլոր խաղընկերները: Այնուհետեւ, ձեռամբ տիկին Պապիկեանի, Փիեռ Ժեմայէլի կամ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Շահինեանի, յաղթական միւս խումբերու մարզիկները ստացան իրենց բաժակները, ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ:
Հանդիսութիւնը վերջ գտած էր: Տքնաջան աշխատանքի եւ լարուած ճիգի շաբաթ մը կ՛աւարտէր, հասնելով իր պսակումին:
Այս առթիւ, մեր գնահատանքի խօսքը կ՛երթայ առաջին առթիւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, որ գործակցութեամբը մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, կրցաւ յաջողութեամբ պսակել այս մեծ ձեռնարկը, որ անգամ մը եւս եկաւ ցոյց տալու, թէ ՀՄԸՄ մեծ միութիւն մըն է ոչ միայն իր ախոյեան մարզիկներու հոյլով, այլ նաեւ այն անթերի կարգապահութեամբ եւ կանոնաւորութեամբ, որով գիտէ յաջողցնել իր հանդիսութիւնները:

