Թերթատելով Պարսկահայոց «Արտազ» Ամսագիրը. Պատմական Արտազը (Դ.)
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հայկ Աճէմեան տակաւին կու տայ շահեկան այլ վկայութիւններ ալ.
– Ներսէս սրբազանը նրբամիտ դիւանագիտութեամբ միշտ էլ կարողացաւ հեռու մղել հայ ժողովրդի գլխին կուտակուող ամպերը: Եւ զարմանալի չէ, որ պարսկահայութիւնը պաշտելու չափ սիրում ու յարգում է նրան: Երբ խորհրդային կառավարութիւնը Գէորգ Ե. կաթողիկոսի միջոցով ուզեց նրան Էջմիածին տանել, Ատրպատականի հայութիւնը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեց եւ թոյլ չտուեց որ իր առաջնորդը հեռանայ իրենից:
… Պարթեւահասակ, ալեհեր փառաւոր մօրուքով, ազդեցիկ նայուածքով, բնաւորութեամբ պարզ, աշխուժ, համակրելի` Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեան ազնուական հայի տիպար է: Ազգանուէր, հայրենասէր ու ժողովրդական: Պարտաճանաչ, բարեխիղճ եւ անշահասէր:
Եկեղեցի, ազգ, հայրենիք, դպրոց, մշակութային ձեռնարկներ, համերաշխութիւն, բարոյականութիւն, բարեգործութիւն – ահա այն հարցերը, որ նա յաճախ շօշափում է իր կրակոտ ճառերի եւ հոգեշունչ քարոզների մէջ, որոնք այնքա՜ն խոր ազդեցութիւն են թողնում ժողովրդի վրայ:
Պարսկահայութիւնը 1926-ին մեծ շուքով կը տօնախմբէ իր այս ժողովրդանուէր հովուապետին յոբելեանը, ծննդեան 60, ազգային-հասարակական գործունէութեան 40 եւ քահանայական կոչման 25-ամեակի եռակի առիթներով:
Շատերու կարծիքով, Մելիք-Թանգեան սրբազան կրնար պատուաբեր ու արժանաւոր ներկայութիւն մը ըլլալ Լուսաւորչի Աթոռին կամ Կիլիկիոյ (Անթիլիաս) հայրապետական գահին վրայ` եթէ ժամանակներն ու պայմանները ձեռնտու ըլլային:
Այնուհանդերձ, իր տարաբնոյթ ու երախտարժան գործունէութենէն անկախ, ան միշտ պիտի յիշուի նաեւ իր բանասիրական մեծղի ու կոթողային երկով, որ կը կոչուի «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը»: Աւելի քան հազար էջնոց մասնագիտական աշխատասիրութիւն մըն է ասիկա, որուն զոյգ հատորները լոյս տեսած են Շուշի (Ղարաբաղ), 1903-1905-ին:
Այս գիտական ու ակադեմական գործը, զոր ան գրի սկսեր է առնել Սենթ Փեթերսպուրկի համալսարանը աւարտելէ անմիջապէս ետք, ապացոյցն է արդէն իր իրաւաբանի եւ օրէնսգէտի հմտութեան:
Այսօր, երբ ձեռք կ՛առնենք այս ծանր գիրքը ու թերթատել կը սկսինք զայն, նախ կը շշմինք` իր նիւթերը հաւաքելու հեղինակին համբերութեան ու երկար շունչին վրայ, ապա կ՛անդրադառնանք` թէ այսպիսի եզակի աշխատասիրութեան մը ձեռնարկելով վարդապետ հեղինակը որքա՜ն կարեւոր ու անգնահատելի ծառայութիւն մը մատուցեր է մեր եկեղեցական գրականութեան: Ան այստեղ ամփոփած է այն բոլոր եկեղեցական օրէնքներն ու աւանդական սովորութիւնները, որոնց վրայ կը յենի հայ եկեղեցին` հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը: Քրիստոնեայ ընդհանրական եկեղեցւոյ ու այնուհետեւ հայ եկեղեցւոյ իրաւաբանական պատմութիւնն է այս, սկսեալ առաքելական շրջանէն ու տիեզերական ժողովներէն, անցնելով Աշտիշատէն ու Շահապիւանէն, մինչեւ Դուին, Անի, Հռոմկլա, Սիս եւ այլուր, հո՛ն ուր ազգային-եկեղեցական ժողով մը գումարուած է: Բոլոր ժողովներու որոշումներն ու որդեգրած կանոնները ի մի բերուած են հեղինակին կողմէ, համապատասխան մեկնաբանութիւններով կամ բացատրութիւններով, նաեւ` իրենց գրաբար բնագիրներով: Լուսարձակ բացուած է 1836-ին Էջմիածնի Աթոռին համար պատրաստուած «Պօլօժէնիա»-ին ու 1863-ին Պոլսոյ մէջ հռչակուած արեւմտահայոց Ազգ. Սահմանադրութեան վրայ ալ:
Հետաքրքրական է, որ «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը» իր առաջին հրատարակութենէն դար մը ետք` 2005 թուին, վերատպուած է Թեհրանի մէջ, նախաձեռնութեամբը առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի:
Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեան կը վախճանի 16 սեպտեմբեր 1948-ին ու համաժողովրդային յուղարկաւորութենէ մը ետք հողին կը յանձնուի Թաւրիզի հայոց գերեզմանատունը, Ս. Շողակաթ մատրան դիմաց:
Իր կեանքին ու բեղուն վաստակին նուիրուած ծաւալուն յուշամատեան մը հրատարակուած է Թեհրանի մէջ, 1968-ին, վախճանման քսանամեակին առիթով:
* * *
Մելիք-Թանգեան սրբազանին մասին պատմուած կամ գրի առնուած են բազմաթիւ մանրավէպեր ալ:
Ատոնցմէ փունջ մը երեւցած է Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն տարեգիրքը»-ի 1958-ի հատորին մէջ (Պէյրութ), սրբազանին վախճանման տասնամեակին առիթով: Հեղինակը` իրանահայ բանաստեղծ, երգիծագիր եւ «Ցախաւել»-ի խմբագիր Երուանդ Բազէն է:
Ստորեւ, այդ իրապատում մանրավէպերէն մին, ուր տողանցող հերոսները մօտիկ անցեալի մեր եկեղեցական բարձրաստիճան դէմքերն են.
«Դու երէկուայ խոխան ես»…
Թեհրանի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցու օծումը զուգադիպեց այն օրերին (1945 յուլիս -Լ.Շ.), երբ Էջմիածնի ազգային-եկեղեցական համագումարի առիթով Թեհրան էին գտնւում Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին կաթողիկոսը, Երուսաղէմի պատրիարք Կիւրեղ արքեպիսկոպոսը եւ արտասահմանից եկած մի շարք բարձրաստիճան հոգեւորականներ: (Ըստ երեւոյթին, եկեղեցին կառուցող բարերար Ռոման Իսայեանը ցանկացել էր, որ ապահովուի նրանց մասնակցութիւնը):
Գարեգին կաթողիկոս, որ Էջմիածնի Ճեմարանում դասընկեր էր եղել Մելիք-Թանգեան սրբազանին, բնակւում էր Հայ Ակումբի գրադարան-մատենադարանի նորակառոյց շէնքում, որ առժամապէս կահաւորուած էր նրան հիւրընկալելու համար, իսկ Մելիք-Թանգեան սրբազանը իջեւանած էր Ռոման Իսայեանի տանը: Կիւրեղ պատրիարքը ապրում էր իր քրոջը մօտ: Այդ օրերին Թեհրանի թեմի առաջնորդն էր նորընծայ, բայց արդէն ծայրագո՜յն Վահան վարդապետը (անշուք եւ անսիրելի կղերական մը, Էջմիածնէն առաքուած, որ կարճատեւ պաշտօնավարութիւն մը ունեցաւ գաղութին մէջ ու թողուց տխրահռչակ անուն մը: Վախճանեցաւ 1960-ին: – Լ. Շ.):
Օծումից մէկ օր առաջ, երեկոյեան, Մելիք-Թանգեան սրբազանը գալիս է Հայ ակումբ, օծման հանդիսութեան մասին կաթողիկոսի հետ խորհրդակցելու համար: Երբ մտնում է կաթողիկոսի սենեակը, Տանն Կիլիկիոյ գահակալը ասում է.
– Սրբազա՛ն, եկեղեցու օծման ծրագիրը մշակել եմ արդէն:
– Դու ի՞նչ գործ ունես, որ ծրագիր մշակես, պատասխանում է սրբազանը: Կաթողիկոս մարդ ես, հիւր ես եկել այստեղ: Երեսուն տարի է ես այս հողի վրայ եմ. ծրագիրը դո՞ւ պիտի մշակես, թէ՞ ես…
Կաթողիկոսը քահ-քահ ծիծաղելով ասում է.
– Լա՛ւ, լա՛ւ, սրբազան, դու մշակիր:
– Ուրեմն, յարում է սրբազանը, ես պատարագիչ եմ, ուրիշ ոչ մի խօսք, դու էլ կաթողիկոս ես, սեղանը կ՛օծես: Երուսաղէմի պատրիարքն էլ կ՛օծի եկեղեցու կողմերը:
Ապա դառնալով` արտասահմանից եկած կարճահասակ, ցանցառ մօրուքով մի եպիսկոպոսի, որի անունը չեմ յիշում, ասում է.
– Է՜, եղբայր, քե՞զ ինչ ասեմ. ոչ դէմք ունես, ոչ հասակ, բայց ոչի՜նչ, եպիսկոպոս մարդ ես. կը զգեստաւորուես, որ արարողութեանը շուք տաս:
– Հապա ե՞ս ինչ պիտի անեմ, յարում է միւս կողմից Վահան ծ. վրդ. Կոստանեանը, դժկամ ու խռով արտայայտութեամբ. այս թեմը ինձ է պատկանում, ե՛ս եմ այս թեմի առաջնորդը…
– Դո՞ւ, պատասխանում է Մելիք-Թանգեան սրբազանը ծուռ-ծուռ վարդապետին նայելով, դու երէկուայ խոխան ես (Ղարաբաղի բարբառով կը նշանակէ երեխայ – Լ. Շ.): Վերջումս դեռ աշխարհական էիր, քեզ վարդապետ արեցին, ուղարկեցին այստեղ, կարծում ես արդէն ամէն բան գիտե՞ս…: Բայց ոչի՜նչ, հասակդ լաւն է, վեղարդ կը ծածկես, կարգապահութեան կը հետեւես: Մեծ-մեծ մարդիկ են գալու: Կը նայես, կը դիտես, կը տեսնես մենք ինչպէս ենք օծում եկեղեցին, որ մեզնից յետոյ եկեղեցի օծել կարողանաս…
Ու այսպէս, յաջորդ օրը կատարուեց եկեղեցու օծումը, Մելիք-Թանգեան սրբազանի կարգադրութեան համաձայն:
Ե.
Թաւրիզի Պարծանքը` Առաքել Դաւրիժեցի
ԺԵ. դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ ԺԷ. դարու առաջին քառորդը մռայլ շրջանն է Հայաստանի պատմութեան: Տեսակ մը` «խաւարի դարաշրջան», անկումի երկա՜ր տասնամեակներ, երբ թուրք-պարսկական յաճախակի պատերազմներու պատճառով ամէն ինչ կ՛աւերուի ու կը թալանուի մեր հայրենի բնօրրանին մէջ: Վանքերը կ՛ամայանան, եկեղեցիները կը կողոպտուին, ժողովուրդը կ՛աղքատանայ կամ կը հայրենահանուի… Բնականոն կեանք չկայ այլեւս:
Կը կասի նաեւ մտաւորական կեանքը:
Այս ժամանակաշրջանի մեր պատմութեան կամ հոգեւոր-մշակութային ապրումներուն մէջ հազիւ քանի մը դէմքեր կան միայն, որոնք փառքով կը փակեն իրենց դարը ու լուսաւէտ հետք մը կը թողուն իրենց ետին:
Ատոնցմէ մէկն է պատմագիր ու ճանապարհորդ Առաքել վրդ. Դաւրիժեցին, որ ԺԷ. դարու դէմք է: Աւելի՛ն. գլխաւոր ու կարկառուն պատմիչն է ան իր դարուն, հետեւակ ունենալով ուրիշ երկու երախտարժան անուններ` Գրիգոր վրդ. Դարանաղցին եւ Զաքարիա սրկ. Քանաքեռցին:
Եթէ գոյութիւն ունեցած չըլլար ան ու չգրէր իր նշանաւոր «Պատմութիւն»-ը, բազմաթիւ դէպքեր ու պատմական իրադարձութիւններ, իրենց շահեկան մանրամասնութիւններով, ի սպառ անյայտ մնացած պիտի ըլլային մեզի` յետնորդներուս համար: Փաստօրէն, Առաքել Դաւրիժեցին փրկած է հայոց պատմութեան մէկ կարեւոր հատուածը ու զայն անկողոպտելի դարձուցած է դարերուն դիմաց:
Դաւրիժեցին Թաւրիզի ծնունդ է ու հետեւաբար` Թաւրիզի պարծանքը:
Կ՛ենթադրուի, որ ան ծնած ըլլայ ԺԶ. դարու վերջին տասնամեակին: Երիտասարդ տարիքին միացեր է Ս. Էջմիածնի միաբանութեան` աշակերտելով ապագայ Փիլիպպոս Աղբակեցի կաթողիկոսին, որուն հետ գրեթէ տարեկից է: Մեր ամէնէն շատ շրջագայած հոգեւորականներէն մին եղեր է ան` այցելելով Պարսկաստան, Փոքր Ասիա (Ամասիա, Սեբաստիա, Ուռհա), մինչեւ Հալէպ ու Երուսաղէմ, երբեմն` հայրապետական նուիրակի պաշտօնով: Աղբակեցի կաթողիկոսին գլխաւորած պատուիրակութեան իբրեւ անդամ` 1651-ին Երուսաղէմի մէջ ան մասնակցեր է Սիսի կաթողիկոսական աթոռին հետ յառաջ տարուած հաշտարար բանակցութիւններուն:
Մեծագոյն իրագործումը, սակայն, իր «Պատմութիւն»-ի գրառումը եղած է:
Դաւրիժեցի, որպէս զարգացեալ վարդապետ, Փիլիպպոս կաթողիկոսին կողմէ բազմիցս թելադրութիւններ ստացեր էր գրի առնելու ժամանակակից պատմութիւնը, մանաւանդ այն, ինչ կը վերաբերէր Ջուղայի հայոց բռնագաղթին Շահ-Աբասի կողմէ, 1604-ին: Երկարատեւ վարանումներէ եւ ձգձգումներէ ետք, Դավրիժեցին ի վերջոյ կ՛ընդունի պատուէրը: Գործի կը ձեռնարկէ ու կը սկսի պատմութեան գրառումին 1651-ին: Իր դարուն կրօնական նախապաշարումներուն տուրք տալով` ան կը հաւատար, որ այսպիսի գործ մը գլուխ հանելով` պիտի ազատէր մահկանացուի իր մեղքերէն` ընթերցողներու բարեխօսութեամբ եւ աղօթքներով: Միւս կողմէ, ինք ալ իսկական ցանկութիւն մը ունէր թուղթին յանձնելու իր ականատեսի կամ ականջալուրի շահեկան վկայութիւնները` Հայաստանի ու հայութեան տառապանքներուն մասին: Եւ ուստի աշխատանքի կը ձեռնարկէ:
Այս աշխատանքը պահ մը, սակայն, կանգ կ՛առնէ Փիլիպպոս կաթողիկոսին վախճանումով (1655 թ.): Դաւրիժեցին գործին պահանջած դժուարութիւններէն ընկճուած` կը յուսալքուի, չ՛ուզեր շարունակել զայն:
Գահ բարձրացող յաջորդ կաթողիկոսը` Յակոբ Դ. Ջուղայեցին, հարցը օրակարգի կը բերէ դարձեալ եւ յորդորանքով ու քաջալերանքով կը տարհամոզէ Դաւրիժեցին` վերստին ձեռք առնելու կիսատ մնացած գործը: Եւ այսպէս, պատմագիր վարդապետը վերստին կը հակի իր գործին վրայ 1658-ին ու յարատեւ աշխատանքով զայն կ՛աւարտէ 1662-ին: Այս գործին համար, ուրեմն, ան կը տրամադրէ ինը տարիներ:
Հետաքրքրական է, որ Դաւրիժեցին իր «Պատմութիւն»-ը գրել սկսեր է, երբ արդէն ծեր էր ու տկար. իր իսկ բառերով` «ողորմելի ծերութեան» տակ ու «ցաւագար մարմնով». աչքերուն լոյսը պակսեր էր, ձեռքերն ալ թուլցեր էին ու կը դողային: Այսուհանդերձ, գործը գլուխ հաներ է բոլորովին առանձինն, քանի ո՛չ ոք օժանդակեր է իրեն` տեղեկութիւններու հայթայթումով կամ նիւթապէս: Ան մասամբ օգտուեր է հին ժամանակագրութիւններէ, մասամբ ալ Էջմիածնայ մէջ պահուած կոնդակներէ ու ձեռագիր յիշատակարաններէ: Իր «Պատմութիւն»-ի գրառումը աւարտելէ ետք ալ խեղճ Դաւրիժեցին սկսեր է մտահոգուիլ ատոր ձեռագիրին ճակատագրով: Չըլլա՛յ թէ օր մը կորսուէր կամ փճանար իր ձեռքով շարադրուած այդ միակ թանկագին օրինակը… Այս մտահոգութեամբ ալ ան նոյնիսկ ծախեր է իր ինչքերը եւ ատոնց եկամուտով վանաբնակ գրիչներու ընդօրինակել տուեր է 5 օրինակ իր գիրքէն: Այդ ընդօրինակութիւններէն նմուշներ կան` պահուած Երեւանի Մատենադարանին մէջ:
Դաւրիժեցիի «Պատմութիւն»-ը կ՛ընդգրկէ վաթսուն տարուան ժամանակաշրջան մը, որ կը սկսի 1602-էն ու կ՛աւարտի 1662-ին: Բախտորոշ շրջան մըն է ասիկա մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Անկասկած որ հեղինակին կատարած ճամբորդութիւններն ալ շատ դրական անդրադարձ մը ունեցած են գործին կատարելութեան վրայ: Ժամանակակից մեր բոլոր բանասէրներն ալ համամիտ են, որ Դաւրիժեցիի գիրքը գրական մշակեալ ճաշակի մը արդիւնքն է: Օրինակ, պատմաբան Լէոյի կարծիքով, «Առաքելը հանդիսանում է առաջնակարգ գրական մի աստղ, որ չունի իր նմանը թէ՛ նախորդ դարում եւ թէ՛ իր ժամանակակիցների մէջ»:
Դաւրիժեցիի «Պատմութիւն»-ի առիւծի բաժինը կը վերաբերի Շահ-Աբասի ժամանակաշրջանի դէպքերուն, աշխարհաւեր պատերազմներուն: Ան, ի տարբերութիւն այլ ժամանակագիրներու, շատ լաւ հասկցեր է հայոց նկատմամբ Շահ-Աբասի որդեգրած նենգ ու խորամանկ քաղաքականութիւնը, անոր ձգտումներն ու նպատակը, անոր հակահայ նկրտումները: Իր բառերով` Շահ-Աբաս «բազմահնար վիշապ» մըն է, «աշխարհներու աւերիչ», «քրիստոնեաներու վատնիչ», «դարանակալ օձ», «կամարար սատանայի»: Ընթերցողը խորունկ տպաւորութիւններու տակ կ՛իյնայ, մանաւանդ երբ կը կարդայ այն սրտառուչ նկարագրութիւնները, որոնք կը վերաբերին Ջուղայի եւ Արարատեան դաշտի հայութեան զարհուրելի բռնագաղթին, 1604 թուին, պարսիկ անգութ զինուորներու խարազանի հարուածներուն տակ: Դաւրիժեցիի արձանագրած աղեխարշ տեսարանները, որոնք կը պարզեն հայ բազմութիւններու Արաքսի ափը հասնիլը, Արաքսը անցնելու սոսկալի պահը, յետոյ մինչեւ Սպահան անոնց տաժանակիր տեղափոխութիւնը, ուղղակի սարսափով կը համակեն ընթերցողը: Այնքան յուզականութեամբ ու կենդանի գոյներով գրի առնուած են այդ էջերը, որ կարծես արդիաշունչ պատկերաւոր ժապաւէն մըն է, որ կը թաւալի մեր առջեւ… Գրականագէտ Մանուկ Աբեղեան կը հաստատէ արդէն, որ Դաւրիժեցիի «Պատմութիւն»-ը «մի համազգային վկայաբանութիւն եւ նահատակութիւն է»:
Դաւրիժեցիի այս արժէքաւոր գրքին մէջ առատ նիւթ կայ թուրք-պարսկական պատերազմներուն, Ջալալիներու ապստամբական շարժումին եւ ասպատակութիւններուն, հայ հոգեւորականութեան բարոյական անկումին, այլասերումին ու տգիտութեան, լեհահայ գաղութի դաւանական ներքին խռովութիւններուն ու բռնի կաթոլիկացումին, Մայր Աթոռի մտաւորական զարթօնքին, եկեղեցական բարենորոգիչ նշանաւոր գործիչներու մասին եւ այլն:
Շատ հետաքրքրական պարագայ մըն ալ Դաւրիժեցիի գիրքին տպագրութեան կը վերաբերի: Արդարեւ, այս «Պատմութիւն»-ը հրատարակուեցաւ 1669-ին, Ամսթերտամի մէջ, նշանաւոր տպագրիչ Ոսկան վրդ. Երեւանցիի կողմէ: Այդ թուականին Դաւրիժեցին ողջ էր տակաւին ու միայն յաջորդ տարի` 1670-ին է, որ պիտի վախճանէր ու թաղուէր Էջմիածնի մէջ, անպաճոյճ տապանաքարի մը տակ, ամենայն հաւանականութեամբ` առանց տեսնելու իր տպագրեալ գործը, բայց հաւանաբար` գէթ լսած ըլլալով այդ մասին:
Գործին Բ. եւ Գ. տպագրութիւնները իրականացած են Վաղարշապատ, Ս. Էջմիածնայ կաթողիկոսութեան տպարանին մէջ, 1884-ին եւ 1896-ին (այս վերջինը` Բաբգէն վրդ. Աղաւելեանցի բծախնդիր հոգածութեամբ եւ գիտական մերձեցումով): Բայց անոնցմէ առաջ, 1874-ին, հայագէտ Մ. Պրոսսէ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ հրատարակած էր անոր ֆրանսերէն թարգմանութիւնը:
Գործին Դ. եւ նորագոյն հրատարակութիւնը (քննական) կատարուած է Երեւան, 1990-ին: Հրատարակուած են նաեւ գործին ռուսերէն (1973) եւ լեհերէն (1981) թարգմանութիւնները, մասամբ ալ` վրացերէնը:
Անկախ իր գործին քառակի հրատարակութենէն ու իրեն նուիրուած զանազան ուսումնասիրութիւններէ, Դաւրիժեցիի յիշատակը փառաւորուած է մահուան 300-ամեակին առթիւ, 1970-ին: Վազգէն Ա. կաթողիկոս պատշաճ կոնդակով արժեւորած է այդ յոբելեանը, Մայր Աթոռէն ներս իրականացուեր են ոգեկոչական ձեռնարկներ:
Հրաչեայ Աճառեան իր «Անձնանունների բառարան»-ին մէջ կը գրէ, որ «Առաքել վարդապետի տունը եւ գերդաստանը մնում են մինչեւ այժմ (նկատի ունի 1940-ական թուականները – Լ. Շ.) Թաւրիզում (Ղալայի Ս. Աստուածածին եկեղեցու նրբանցքում) եւ կրում «Պատմագրեան» ազգանունը»:
Աճառեանի այս հաղորդումը անմիջապէս մեզի յուշեց անունը նշանաւոր երաժշտագէտ, յօրինող եւ խմբավար Աշոտ Պատմագրեանին (1898-1982), որ Թաւրիզի ծնունդ է արդէն:
Հարազատ շառաւի՞ղն էր ան արդեօք Դաւրիժեցի պատմագիրին…
Հալէպ
(Շար. 4

