Սուրիական Օրագրութիւն – 19

ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Մեր քաղաքը առաւել հետաքրքրական դարձած է անակնկալներ սիրողներու համար եւ առաջուան միօրինակութիւնը չունի: Քանի մը օր միջոցէ մը ետք եթէ տունէն ելլես, կրնաս նոր ու անծանօթ զգացողութիւններ  ունենալ, այսպէս.

Իւրաքանչիւր թաղամասի մէջ քանի մը տեղ աղբակոյտերն  այնպէս լեռնացած կ՛ըլլան, որ կը կարծես ծովափի կողմերը ամարանոց գացած ըլլալ (ծովն ալ հոտեր ունի, չէ՞ ….): Տարօրինակն այն է, որ առնէտներ չկան անոնց շուրջ. կա՛մ մեզի հետ հանդիպելէ կը խուսափին, կա՛մ գաղթեր են. չէ՞ որ անոնք առաջինը կը զգան նաւուն խորտակուիլը… Արդէն կը խօսուի լեշմանիայի, ծաղկախտի ու քոլերայի վարակներու մասին… Հրաշէկ ամառը կը մօտենայ. ի՜նչ ծաղիկներ պիտի բանայ քաղաք-աղբանոցին մէջ…

Ամէնէն լաւ ծանօթ թաղամասն ալ անճանաչելի կը գտնես, քանի որ գիշերուան մը ընթացքին հոն բարձրացած աւազապարկերու արգելապատնէշները մանուկներու շինած աւազէ քաղաքներու պէս անելներ կը գոյացնեն… երանի՜ ըլլային մանուկներու, որոնք այս օրերուն միայն կռիւ-կռիւ կը խաղան քաղաք-ռազմադաշտին մէջ:

Օրէցօր շատցող մեր քաղաքացիական պաշտպանները` փողոցներու մէջ, զէն ի ձեռին, մեզի երբեմն ալ վախ կը պատճառեն, մեր լսած չլսելիքներուն իբրեւ  հետեւանք: Որմէ՞ պիտի պաշտպանուինք…

Փողոցային արաբ վաճառորդներն ալ սկզբունքային եղած են: Պատճառը իրաւ ազգային  զարթօ՞նքն է, թէ՞ թրքական սննդամթերքներու վտանգաւոր որակի մասին վերջերս տարածուած զգուշացումները, որոշ չէ, սակայն ոմանք «արժանապատիւ» կեցուածք կը բռնեն:

– Ըպնի (1), ի՞նչ կ՛արժէ այս անուշեղէնը:

– 40, բայց քեզի երեքը հարիւրի կու տամ:

– Որտեղի՞ ապրանք է, միայն թրքական չըլլա՛յ:

– Աուզուպիլլա՛հ (2),- կը նետէ ու քիթին տակէն հայհոյանք մըն ալ կ՛ուղղէ թուրքին հասցէին, զոր կէս կը ձգէ, քանի կը յարգէ կնոջ մը ներկայութիւնը:

Դեռ երէկ եղբայրաբար թուրքին ձեռքը կը սեղմէին, որ իրենց ալ արիւնով լուացուած է. որքա՜ն մեծ է խաղաղ ապրելու երազը(՞՞՞), որ թուրքն ու մարդը կը շփոթեն իրարու հետ:

Անտեղեակ ու երջանիկ շուկայ կը մտնես ու անակնկալները կը սպասեն քեզ. կատակի առատ նիւթեր`  թէ՛ ծախողին ու թէ՛ առնողին:

– Խայեօ (3), ի՞նչ կ՛արժէ խասը (4):

– 60,- կը նետէ` առանց քեզի նայելու. գնողի չես նմաներ:

Սո՜ւղ է. կ՛երթաս, այլ տեղեր հարցնելէ ետք կրկին կը դառնաս նոյն մարդուն.

– 75,- կը պատասխանէ:

– Բայց հինգ վայրկեան առաջ ըսիր…

– Տոլարը սղեց,- կը պատասխանէ անվրդով:

Այո՛, մեր հողէն ելած իւրաքանչիւր պտուղ- բանջարեղէնի պոչէն այլեւս տոլար կախուած է, նոյնիսկ` վարունգը, որ ընդամէնը «խիյար» է, ինքզինք բան մը կարծեր ու պանանին հետ մարաթոնեան վազքի մէջ է:

Քիչ ուտելը առողջարար է:

***

Գողն էլ մի կռնից, գելն էլ միւս կռնից,
Աչքդ թեքեցիր-բանիդ տէրը չես.
Քաշում են տանից, քաշում են դռնից,
Ու չես իմանում, որ կողմը թռչես…
Թումանեան

Կրիան խանէն (պատեան) ելաւ, խանը չի հաւնիր:
Հայկական առած

Ազգով ու պետութեամբ լծուած ենք մեր արիւնը աշխարհին նուիրելու վսեմ առաքելութեան: Մինչ մեր Քաջ Նազարը ազնուազարմ թագուհիներ առնելով` իր արիւնը ազնուացնել կ՛ուզէր, մենք  աշխարհի արիւնը «ազնուացնելու» մեծ երազով տարուած`  կը ցրենք ու կը նուիրենք մեր որդիները այն պարագային, երբ առանց մեր նուիրելուն ալ արդէն զմեզ դիակ կարծող անգղերը իջած մեր վրայ, կը գիշատեն ազգը` հոգեւին ու մարմնապէս:

Պատկեր Ա.

Այսօր արաբ քրիստոնեայ մը, ճաշի սեղանի բարեկամական տրամադրութեան մէջ, ինծի (ու տանտիկնոջ) հաճոյանալ ուզեց` առանց անդրադառնալու, թէ ցաւերուս կաթիլ մը աւելցուց:

– Մենք ալ հայ ենք, «արման ատիմ» (5), մեր պապերը  եկած են… չէ՛, ո՛չ Հայաստանէն, Ճորճիայէն եկեր են. գիտես, չէ՞, հոն  մեզի պէս շիկահերներ շատ են, հայերու մէջ քիչ են (կնոջ մազը դեղնորակ ներկուած է):

Ներողամիտ եղէք կնոջ, որ քիչ առաջ կ՛ըսէր, թէ ամուսինին հետ Ուքրանիա  այցելած են. Վրաստանը ու Ուքրանիան շփոթեց իրարու հետ, ու վրացիները հայերէն աւելի շիկամազ եղան` որպէս մե՛ծ առաւելութիւն:

Ես միայն լռութեամբ գլուխս ճօճեցի, որ ան իբրեւ իր խօսքին հաստատում ընդունեց: Հաւանաբար եւս մէկ կորսուած հայ յայտնաբերելէս յուզումնալից խանդաղատանք զգայի, եթէ չիմանայի, թէ վերջերս այդքան  մեծ թիւով «արման ատիմ» մարդոց ի յայտ գալը` իրենց ընտանեկան մոռցուած «դաֆթարներու» մէջ հայու հետք մը փնտռելը միայն պաղ հաշիւներու հետեւանք է: Եղածը` Հայաստանի անձնագիր ունենալ ու դիւրութեամբ անցնիլ Եւրոպա: Ի՜նչ իմանար հայու ցաւերուն անտեղեակ իմ «արիւնակիցս», թէ ի՜նչ վէրքեր խառնեց: «Հին» ու «նոր» հայերու սերունդներ տողանցեցին միտքիս մէջէն, եւ` որ այսօրուան «նոր» հայն ալ վաղը պիտի յիշէ իր «արման ատիմ» ըլլալը, աշխարհի որեւէ մէկ ծագը: Մինչ շուրթս կը ժպտէր իրեն, միտքս փորձեց անոր հայ նախնիներու անցած ճամբաներէն անցնիլ` Վրաստանի հայէն մինչեւ «լատին հալէպցի» ազնուակա՛ն դիրքին հասնիլը:

Օ՜, հայեր…

Պատկեր Բ.

1.  Աճապարանքի մէջ գրեթէ պիտի չնկատէր զիս, ծաղկեփունջը կրծքին սեղմած կը վազէր: Այս օրերուն ես ամէնուն հանդէպ սիրով լեցուած եմ ու անտարբեր անցնիլ կարող չեմ: Կանչեցի.

– Ո՜ւր այսպէս վազէվազ:

– Մարճճոս պիտի երթամ,- ժպտեցաւ` առանց կենալ ուզելու:

– Հա՜, դուն ալ մարճճոսական ես,- ըսի անոր, որուն տունը գրեթէ կից է Ս. Աստուածածնայ մեր եկեղեցւոյ…

Ինք սլացաւ, ես հայերուս սիրելի մէկ խօսքին շուրջ կը մտմտայի` «Եկեղեցին եկեղեցի՛ է»:

Այո՛, ոեւէ կին կին է, բայց կա՛յ մայրդ եւ կա՛յ դրացուհիդ, ո՜վ հայու զաւակ…

Պատկեր Գ.

Ծանօթ պատանիի մը վարքը ուշադրութիւնս կը գրաւէր երկար ժամանակի մը վրայ: Ան նախ գռեհիկ ու նոյնիսկ լկտի պահուածք ունէր, որմէ արագ ու անսպասելի անցում կատարեց դէպի տրամագծօրէն հակառակը: Եղաւ հեզ եւ ուշադիր: Անկարելի չէ, բայց ուշագրաւ է: Ապա կողմնակի լսեցի, թէ ապաշխարած է: Գէշ հոտ առի ու մտահոգուեցայ: Իմ կարծիքով, յարմար ժամու մը, իմ կարծիքով, յարմար ձեւով հարցուցի, թէ ի՞նչ «եղբայրակցութեան» կը մասնակցի, որո՞նք են հովանաւորողները: Պատասխանեց կցկտուր: Յաջորդ օրն իսկ ան գոցուեցաւ, առաւել` իր նախկին կեցուածքին վերադառնալու նշաններ պարզեց, գոնէ ինծի հանդէպ մէկդի նետեց ապաշխարողի իր դիմակը, զոր, անշուշտ, կը կրէր առանց գիտակցելու:

Ապաշխարանք` 12-15 տարեկաններու… Ուշ չէ՞ արդեօք, կը հարցնեմ անոնց «փրկիչներուն». աւելի լաւ չէ՞ր ձեր «փրկակար» գործունէութեան լծուէիք մայրանոցի դուռէն սկսեալ` նորածինները ադամական մեղքէն մաքրելու համար: Կ՛երեւակայեմ` մանուկները ինչպիսի՜ աշխարհիկ «մեղքերով» բեռնուած կ՛երթան ապաշխարելու, իմա` ուղեղի լուացումի, իմա` ազգային եկեղեցւոյ «ցած» մակարդակէն թռիչքով մը դէպի «ազնուականութիւն» ցատկելու:

Մանուկ, երիտասարդ մարդիկ գրաւելու այս խաղը նոր չէ, դարերու պատմութիւն ունի իր ետին: Օրին մեր լուսաբաղձ բանաստեղծը` Վարուժան, կը պոռար` «Պէտք չէ՛ փրկածնիդ, կը բաւէ՛ կորսնցուցածնիդ»: Ով ականջ ունի, թող լսէ: Այսօր այս «խաղը» այլեւս անցեր է բոլոր սահմանները` հնարաւորութիւններու լայն ցանցի առկայութեամբ: Բառացիօրէն կը գողցուին մեր մանուկներու, երիտասարդներու հոգիները, կ՛ապազգայնացնեն զանոնք, եւ ոչ թէ… «կը բացատրեն աշխարհաբարով, ամէն ինչ հասկնալի՜…»:

Դ. Ե. Զ.

Անպաշտպաններ, համբակներ որսալու համար խայծեր չեն պակսիր մարզուած որսորդներու, մանաւանդ` այս մթին օրերուն, երբ շատեր լոյս կ՛որոնեն:

Իսկ մեր խայծերը ո՞ւր են, նորոգուելու չե՞ն…

(1) Ըպնի – տղաս:
(2) Աուզուպիլլահ – մեղա՛յ Աստուծոյ:
(3) Խայեօ – աղբար:
(4) Խաս – հազար բոյսը:
(5) Արման ատիմ – հին հայ (արաբ – քրիստոնեայ դարձած):

 

 

Share this Article
CATEGORIES