ԽՄԲԱՎԱՐԻՆ ԽՕՍՔԸ. ՀՈՍԱՆՔՆ Ի ՎԵՐ…

Համազգայինի երիտասարդական «Այգ» երգչախումբն ու նուագախումբը կիրակի, 22 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ հանդէս պիտի գայ ժողովրդական եւ ժամանակակից բազմալեզու խմբերգներով: Խումբին դաշնակի վրայ պիտի ընկերակցի Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան: Այս առիթով ստորեւ կը հրատարակենք խումբին գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեանի խօսքը` այս ելոյթին համար գրուած:

Խօսքը Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբի ծննդեան,  կազմաւորումին եւ առաքելութեան մասին է:

Նախ` թերահաւատ էինք, որ կանոնաւոր փորձերու համար այս դարուն կարելի է երգչախմբային արուեստի շուրջ քանի մը  տասնեակ երկսեռ երիտասարդներ ի մի խմբել:

Երկրորդ`  առկայ իրողութիւն է, հանրութեան թէ կազմակերպութիւններու կողմէ,  արուեստամէտ, որակեալ ու վաւերական երեւոյթներու փոխարէն` ժամանցայինին նկատմամբ խանդավառ հետաքրքրութիւնն ու ջանադրութիւնը:

Եւ երրորդ` երիտասարդ սերունդին բազմազբաղութեան  եւ բազմածիր հետաքրքրութիւններուն պատճառով ժամանակի անբաւարարութիւնն ու անդամական  յարափոփոխ   վիճակը պարարտ հող չէին մատուցեր այս տարիքի ու տեսակի երիտասարդական երգչախումբի մը ստեղծումին, ինչի պատճառով ունեցանք անդամական զգալի կորուստներ, յատկապէս` տղոց պարագային. սակայն ուրախութիւնս մեծ է, որ Համազգայինի 80-ամեակի տարին մեր անդրանիկ երեւումները ունենալէ ետք, այսօր լայն ու բազմալեզու յայտագիրով  մը ունկնդիրին կը մատուցենք այն, ինչին  պատրաստուեր ենք ամէն ուրբաթ հաւաքուելով Համազգայինի յարկին տակ:

Ըստ էութեան, «Այգ» երգչախումբին յայտագիրն ալ իր տեսակին մէջ  զատորոշուող է: Անհրաժեշտ էր երգչախումբի անդամներուն տարիքային  հետաքրքրութիւններուն ու նախասիրութիւններուն ալ  «տուրք տալ», որովհետեւ, նախ եւ առաջ, եւ` խօսքը մեր մէջ, գրեթէ բոլորն ալ … սիրահարած են, ուրկէ ալ ներշնչուած   է մեր երգացանկին թեքումը:

Սիրոյ մեծագոյն երգիչ Սայաթ  Նովայի կողքին, պիտի հնչեն  Շարլ Ազնաւուրէն` «Այգ»ին համար յատուկ  մշակուած խմբերգաշար մը, Էլվիս Փրեսլիէն  հանրայայտ երգ մը, արաբական ժողովրդային  երգերու քանի մը մշակումներ եւ նոր սերունդին կողմէ այնքան սիրուած հայրենի երգահան Ռուբէն Հախվերդեանէն երգաշար մը, որ նոյնպէս յատուկ կերպով մշակուած է մեզի համար:

Համերգին երկրորդ բաժինով պիտի հնչեն սիրուած ու տարածուած հայկական ժողովրդային, աշուղական եւ ժամանակակից խմբերգներ, որոնց պիտի ընկերանայ երկար տարիներէ ետք լիբանանահայ իրականութեան մէջ իբրեւ նոր իրագործում` մեր գաղութի ուժերով կազմուած եւ ժողովրդային նուագարաններէ կազմուած նուագախումբ մը:

Մանկապատանեկան թէ երէց տարիքի երգիչներէ կազմուած արհեստավարժ կամ սիրողական երգչախումբեր շատ կան, այն, ինչ որ անհրաժեշտ է եւ հազուադէպօրէն հանդիպող երեւոյթ, երիտասարդական երգչախումբերն են, որոնք օրըստօրէ աւելի հազուագիւտ կը դառնան երկրագունդին վրայ:

Հազուագիւտ կը դառնայ նաեւ համաշխարհային առումով գեղեցիկ ու մնայուն նոր երգերու ծնունդը: Այսօրուան երիտասարդները  կ՛երգեն ու կ՛ունկնդրեն անմեղեդի երգեր` անհոգեշահ բառերով:

Ուրախալի է, որ ահա, շնորհիւ չարաճճի այս տղոց ու աղջիկներուն  մօտ արդէն կազմաւորուիլ սկսող  գիտակցութեան ու սիրոյն, մեր իրականութեան մէջ նոր յայտ կը ներկայացնէ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը, որ մեծաւ մասամբ համալսարանականներէ բաղկացած իր կազմով կը խոստանայ յառաջիկային  նոր խօսք ըսել լիբանանեան իրականութեան մէջ:

Անհուն սէրս ու գնահատանքս` այս տղոց ու աղջիկներուն, որոնք առանց երաժշտական կրթութեան` յաղթահարեցին երգչախմբային բարդ հիւսուածքով յատկանշուող արդի մշակումներով երգացանկի մը մարտահրաւէրը: Անոնք ամէն արժանիք ունին վայելելու մշտատեւ հոգածութիւն ու քաջալերանք, որպէսզի յարատեւեն իրենց յանձնառութեան մէջ եւ կեանքը զարդարեն նոր երգերով ու երիտասարդական նոր խինդով:

Կը գնահատեմ նաեւ կազմակերպչական աշխատանքներուն  աջակից  մարմիններուն եւ անհատներուն, ինչպէս նաեւ նուագախումբի անդամներուն կամաւոր ճիգն ու նուիրումը: Մտադիր եմ յառաջիկային նուագախումբին միացնել նաեւ  հայրենի թառն ու քամանչան:

Հոսանքն ի վեր թիավարելու ընթացքը դժուարին է, այո՛, բայց հաւաքական գիտակցութեան եւ յանձնառութեան առկայութեան պարագային` նոյնիսկ հաճելի:

Ձեր`
ՊԱՐՈՆ ԶԱՔԱՐ

 

 

Share this Article
CATEGORIES