ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՈՒՐՔ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐԸ «ՅԱՐՄԱՐ ԳՈՐԾԸՆԿԵ՞Ր» ՄԸ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար դէմքերէն, նախկին դեսպան Օսման Քորութիւրք թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին` խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին կը նշէ, որ «կրնանք յառաջ ընթանալ, եթէ մեր ցաւերը դարմանենք եւ անցեալը պատմաբաններուն ձգենք: Նոյնիսկ գերմանացիներն ու հրեաները կրցան այդ մէկը ընել: Ինչո՞ւ մենք չընենք»: Ասիկա տեղին հարցում մըն է, որուն պատասխանը պէտք է Անգարան տայ: Ինչո՞ւ Թուրքիա Գերմանիոյ նման չի ճանչնար իր գործած յանցանքը եւ կը շարունակէ հասարակաց ցաւերու մասին պնդել: Արդեօք ոճրագործը նոյնքա՞ն կը ցաւի, որքան զոհը: Վերջապէս պէտք չէ մոռնալ, թէ գերմանացիներու եւ հրեաներու յարաբերութեանց կարգաւորումը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ կողմէ իր յանցանքին ճանաչումէն, ատոր համար ներումի հայցումէն եւ հատուցում կատարելէն ետք:
Քորութիւրք կը յայտարարէ, որ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Հայաստանի նկատմամբ իր նախաձեռնութեան սկսաւ անյարմար գործընկերոջ մը եւ անյարմար պայմաններու մէջ: Նկատի ունեցէք այն իրողութիւնը, որ ոեւէ մէկը, որ կ՛ըսէ, թէ ցեղասպանութիւն չէ եղած, կը պատժուի Զուիցերիոյ մէջ, որ միջնորդ երկիրն է»: Ապա ան կը նշէ, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը «սխալ շրջադարձ մը կատարեց եւ Ղարաբաղի հարցը յառաջ մղեց, (որուն իբրեւ արդիւնք) հոլովոյթը իր կշռոյթը կորսնցուց»:
Եթէ ան «անյարմար պայմաններ» ըսելով Զուիցերիոյ միջնորդութիւնը նկատի ունի, ապա պէտք է յիշէ, որ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը վիճարկող յանձնախումբի մը կազմութիւնը կը նախատեսեն, ուստի այդ միջնորդութիւնը «անյարմար» չի կրնար նկատուիլ: Միւս կողմէ, արձանագրութիւնները ստորագրած Հայաստանի իշխանութիւնները «անյարմար գործընկեր» նկատելը պարզապէս անհեթեթութիւն է: Ի վերջոյ ինք չէ՞, որ կը նշէ, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը սառեցուեցաւ, որովհետեւ իր երկրին իշխանութիւնները «Ղարաբաղի հարցը յառաջ մղեցին»: Ուստի «անյարմար գործընկերոջ» ինքնութիւնը յստակ է. անիկա Թուրքիոյ կառավարութիւնն է: Այդ տխրահռչակ արձանագրութիւններուն սառեցման մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները որեւէ յանցանք չունին, ուստի ինչո՞ւ զանոնք «անյարմար գործընկեր» կը կոչէ. արդեօք թուրք պաշտօնատարը տողատակի Հայաստանի ներքին հարցերուն միջամտութի՞ւն կը կատարէ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ