Ակնարկ. Նոր Օսմանական Գաղափարախօսութենէն Ծնունդ Առած Սրբագրական Աշխատանքի Ծրագիր Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Ակօս» շաբաթաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծման աջակցութեան համար ստեղծուած «Իմաստուններու յանձնախումբ»-ին եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումի մը ընթացքին պոլսահայերը պահանջած են պատմութեան դասագիրքերէն հանել հայերը, յոյները, ասորիներն ու հրեաները թշնամի ներկայացնող նիւթերը: «Մարմարա» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Նապի Աւճը Մարմարա համալսարանին մէջ կազմակերպուած թրքերէնի եւ թրքական պատմութեան ուսուցման խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ պատմութեան դասագիրքերուն մէջ գոյութիւն ունեցող կարգ մը սխալները սրբագրելու համար նոր գիրքեր պիտի պատրաստուին:
Նախարարը սրբագրութիւններուն մասին մանրամասնութիւններ չփոխանցեց, սակայն «Ակօս»-ի եւ «Մարմարա»-ի հաղորդած տեղեկութեանց մէկտեղումը այն սխալ տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ թրքական իշխանութիւնները ընդառաջած են պոլսահայութեան կոչին եւ պիտի սրբագրեն պատմութեան դասագիրքերուն մէջ գոյութիւն ունեցող «կարգ մը սխալներ»` բառակապակցութիւն մը, որ կարելի է երկու ձեւով հասկնալ. առաջին` թրքական ներկայ իշխանութիւնները Թուրքիոյ պատմութեան դասագիրքերուն մէջ միայն կարգ մը սխալներ կը տեսնեն, երկրորդ` այդտեղ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ սխալներէն միայն քանի մը հատը պիտի սրբագրեն: Առաջինը Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններու տեսանկիւնէն դիտուած է, իսկ երկրորդը` հայկական եւ գիտական:
Սխալներու սրբագրումը հայկական տեսանկիւնէ պէտք չէ դիտել, այլ` թրքական. այստեղ բնականաբար խօսքը Թուրքիոյ պատմութեան` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող սեւ էջին սրբագրումին մասին չէ, ոչ իսկ` դասագիրքերուն մէջ հայերը իբրեւ դաւաճան ներկայացուելուն: Ի վերջոյ վերջինս Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան սիւներէն մէկն է, իսկ անոր սրբագրումը` այդ քաղաքականութեան փլուզումը: Այսուհանդերձ, միջազգային հանրութենէն բարենիշներ ստանալու համար կարգ մը «բարեփոխումներ» եւ անոնց շեփորումը կարելի չէ բացառել:
Օսմանական խալիֆայութեան կարօտախտէն տառապող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ երկրին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ծրագիրն է` թրքական հասարակութիւնը քեմալական աշխարհիկութենէն դէպի վերիսլամացում առաջնորդել: Էրտողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ գումարուած նիստի մը ընթացքին կը յայտարարէր, որ իր փափաքն է «կրօնասէր երիտասարդութիւն մը կազմաւորել» եւ պատասխանելով ընդդիմադիր երեսփոխաններու բողոքներուն կու տար հեգնական հետեւեալ պատասխանը. «Կը սպասէիք, որ պահպանողական եւ ժողովրդավար Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը անհաւատներու սերո՞ւնդ մը պատրաստէ: Ատիկա ձեր գործն է, ոչ թէ` մեր… կրօնասէր երիտասարդութիւն մը չէ՞ք ուզեր, թմրամոլ երիտասարդութի՞ւն մը կ՛ուզէք»:
Թուրքիոյ պատմութեան դասագիրքերու վերախմբագրման ծրագիրը պէտք է դիտել կորուսեալ «փառաւոր» անցեալի վերականգնման ծիրին մէջ եւ ոչ թէ` Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու «Իմաստուններու յանձնախումբ»-ին հետ հանդիպումին, որուն ընթացքին ներկայացուած պահանջներուն առումով մեծ ձեռքբերումներ պէտք չէ ակնկալել, որովհետեւ նոր օսմանական գաղափարախօսութեան տէր իշխող կուսակցութեան բնական մղումն ու նպատակը Թուրքիոյ պատմութեան դասագիրքերու Օսմանեան ժամանակաշրջանին վերաբերող էջերուն «պայծառացումն է» եւ անոնց մէջ քեմալական իշխանութեանց թոյլ տուած «սխալներուն» սրբագրումը: Այս ծրագիրը ուղղամտութեան կամ գիտական մօտեցումի ծնունդ չէ, այլ` նոր օսմանական գաղափարախօսութեան:

