«Իրան Եւ Ազրպէյճան, Ի Հեճուկս Սադրիչներու, Միշտ Եղբայրական Պետութիւններ Եղած Են» Կ՛ըսէ Ահմատինեժատ

Ահմատինեժատ եւ Փաշազատէ

Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ընդունած է Ազրպէյճանի մէջ տեղակայուած Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը:

Ահմատինեժատ հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ կապը հիմնուած է ընկերութեան, կրօնի եւ սիրոյ վրայ, եւ այդ յարաբերութիւնները տարբեր են այլ երկիրներու համեմատ:

Իրանի նախագահը նաեւ նշած է, որ Իրան եւ Ազրպէյճան միշտ աջակցած են իրարու, սակայն կան ուժեր, որոնք կ՛ուզեն վնասել երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն: Ատոր համար Իրան յոյս ունի, որ Ազրպէյճան պիտի յաջողի զարգանալ եւ խուսափիլ սադրանքներէն:

Share this Article
CATEGORIES