Ռուսիա-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Ռուս-Ազրպէյճանական Միացեալ Գործողութիւն

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ հետ սահմանակից ազրպէյճանական հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ սկսած է «Սահման-վահան» կոչուող լայնածաւալ գործողութիւնը:

Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան հետ միացեալ գործողութեան կը մասնակցին Ռուսիոյ իրաւապահ մարմինները:

Ազրպէյճանի Զաքաթալա շրջանի բնակիչները ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին պատմած են, որ իրենց շրջանին մէջ պահակակէտեր տեղակայուած են, իսկ ոստիկանութեան աշխատակիցները մանրամասն կերպով կը զննեն ինքնաշարժներով շրջան մուտք գործող եւ շրջանէն դուրս եկող բոլոր անձերը:

Շրջանի ոստիկանութեան ներկայացուցիչները հաստատած են միացեալ գործողութիւն կատարելու փաստը, սակայն մերժած են այլ տեղեկութիւններ տրամադրել:

Կուպայի շրջանային ոստիկանութենէն յայտնած են, որ գործողութիւնը կ՛իրականացուի ռուսական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիմամբ:

«Գործողութեան նպատակն է պայքարիլ անդրազգային կազմակերպուած յանցագործութեան, ապօրինի գաղթի, թմրեցուցիչներու եւ զէնքերու ապօրինի շրջանառութեան դէմ», կը նշէ ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES