«Երուսաղէմը Մեր Մայրաքաղաքն Է, Եւ Բնակեցման Աշխատանքները Պիտի Չդադրեցնենք» Կ՛ըսէ Լափիտ
Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Եայիր Լափիտ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Երուսաղէմ միշտ Իսրայէլի մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ ապագայ պաղեստինեան պետութեան մը մայրաքաղաքը:
«Երուսաղէմը վայր մը չէ, Երուսաղէմ գաղափար մըն է: Երուսաղէմ իսրայէլեան պետութեան մայրաքաղաքն է», ըսաւ ան:
Լափիտ յայտնեց, որ Այսրյորդանանի մէջ ժամանակաւոր պետութիւն մը պէտք է ստեղծուի, իսկ անոր վերջնական սահմանները պէտք է երեքէն հինգ տարուան ընթացքին գծուին:
Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարարը յայտնեց, որ «իսրայէլացիները խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն կ՛ուզեն, իսկ պաղեստինցիները` խաղաղութիւն եւ արդարութիւն. ասոնք երկու տարբեր բաներ են, եւ այս է այն իսկական վիհը, որ պէտք է կամրջենք»:
Լափիտ յայտնեց, որ երկու պետութեան սկզբունքով լուծում մը Իսրայէլի ապագայ գոյատեւման համար կենսական է, սակայն հարցականի տակ առաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան մը հասնելու հաւանականութիւնը` յայտնելով, որ «ան պաղեստինցիները իբրեւ զոհ ներկայացնող գաղափարի հիմնադիր հայրերէն մէկն է»:
Լափիտ, որուն Ապագայ մը գոյութիւն ունի կուսակցութիւնը Իսրայէլի խորհրդարանական վերջին ընտրութեանց ընթացքին Իսրայէլի երկրորդ մեծագոյն կուսակցութեան վերածուեցաւ, մարտին ելեւմուտքի նախարար նշանակուեցաւ:
Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ընդհանուր քարտուղար Քայս Ապտել Քարիմ յայտնեց, որ «Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Եայիր Լափիտի այն յայտարարութիւնը, որուն մէջ ըսաւ, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը բնակեցման վայրերու կառուցումը պիտի չդադրեցնէ եւ պիտի չհրաժարի Երուսաղէմէն, որովհետեւ Իսրայէլի մայրաքաղաքն է, համազօր է մահապատիժի` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի այս շաբաթ շրջանին մէջ կատարելիք առաքելութեան, որուն միջոցով Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն խաղաղութեան հոլովոյթի ջանքերը յառաջ մղել»:
Ան ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեց իսրայէլեան կառավարութեան վրայ Երուսաղէմի հրէացման, Այսրյորդանանի հողերը խլելու դադրեցման եւ 1967-ի սահմաններով ու բռնագրաւեալ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պետութիւն մը ճանչցող ՄԱԿ-ի որոշումը յարգելու համար ճնշում բանեցնելու որոշում մը որդեգրելու:


