Մամետեարով-Սալեհի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլայեւը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով եւ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են: Զրոյցը տեղի ունեցած է իրանեան կողմին նախաձեռնութեամբ:

Հեռախօսային բանակցութիւններու ժամանակ կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր, կարծիքներ փոխանակած են շրջանային նշանակութիւն ունեցող շարք մը խնդիրներու վերաբերեալ:

Ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ մօտիկ ապագային Ազրպէյճան այցելելու ցանկութիւն յայտնած է:

Նշենք, որ Մամետեարով երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Ռուսիա մեկնեցաւ:

Share this Article
CATEGORIES