Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Կեդրոնական հարցեր» կայքէջին համաձայն, Իսրայէլ ամերիկեան վարչակազմի պատասխանատուներուն միջոցով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի փոխանցած է սպառնալիք մը, թէ ինք Լիբանանը պիտի ռմբակոծէ, մինչեւ որ երկիրը 50 տարի ետ երթայ, եթէ Հըզպալլա համարձակի ռմբակոծել Իսրայէլը կամ հակադարձել Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն: Աւելի ուշ, հանրապետութեան նախագահը հերքեց, թէ նման տեղեկութիւններ ստացած է:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ յառաջիկայ շաբաթ օր պետական բոլոր հաստատութիւնները, քաղաքապետարանները, դպրոցներն ու համալսարանները փակ պիտի մնան Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը վատ է եւ ոչ մէկ բարիք կը խոստանայ երկրին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն պահպանելու Լիբանանի ժողովրդավարական վարքը` խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստ մը գումարելու ընդմէջէն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի հասնի Հռոմ, ուր պիտի մասնակցի եկեղեցական ժողովներու: Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ ուրբաթ օր պիտի վերադառնայ Լիբանան:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին առումով խուսանաւում մը կատարած է` ի վերջոյ յանգելու համար 1960-ի ընտրական օրէնքին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ իրենց համար կտրականապէս մերժելի է խորհրդարանի նախագահական նստաշրջանին երկարատեւ երկարաձգումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք համաձայն չեն խորհրդարանի նախագահական նստաշրջանի երկարաձգման բացի եթէ անիկա կարճատեւ է եւ խոստում կայ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները այս տարուան ընթացքին կատարուին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ո՛չ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի կայանան եւ ո՛չ ալ կառավարութիւն պիտի կազմուի, մինչեւ որ Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով որոշ շօշափելի զարգացումներ արձանագրուին:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին անցեալ շաբաթավերջին Պուսթրոս պալատ այցելութեան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրին ըսած է, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը փափաքի, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերէ նաեւ Լիբանան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի վրայ դիւանագիտական միջազգային ճնշումներ կը բանեցուին` ընդգծելով երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պէտք է գործադրէ իր խոստումը եւ վերադառնայ զօրակցելու Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ եթէ կացութիւնը այսպէս շարունակուի, ապա անկարելի է վերջնական ընտրական օրէնքի մը յանգիլ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ նախարարութիւնը պատրաստ է առաջադրուած թեկնածութիւնները ընդունելու մինչեւ 27 մայիս:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Քուսայրի մէջ ընթացող ճակատամարտներուն հիմնական պատճառներէն մէկը Թրիփոլիի ապահովական կացութիւնը խախտումի ենթարկելն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը ստանձնած կողմերը պէտք չէ մտածեն, թէ մենք տկար ենք:

