Ժեմայէլ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Քաթարի Իշխանին Հետ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ` քննարկելու համար շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնն ու ընտրական օրէնքին վերաբերող բարդութիւնները:

Ժեմայէլի տեղեկատու գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ժեմայէլի հետ հանդիպումին ընթացքին Քաթարի իշխանը յայտնած է իր յանձնառութիւնը լիբանանեան ներքին միասնականութեան եւ ապահովական ու քաղաքական կայունութեան պահպանումին առնչութեամբ:

Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց տարբեր մարզերու պարագային օժանդակելու Լիբանանին եւ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ տագնապէն տուժող սուրիացի ժողովուրդին իրավիճակին համար:

Իր կարգին, Ամին Ժեմայէլ շեշտեց ընտրական համախոհական օրէնքի մը յանգելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է դրական ըլլալ խորհրդակցութիւններուն պարագային` պահպանելու համար Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը:

Ժեմայէլ ընդգծեց նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ Լիբանանի չէզոք կեցուածքին կառչած մնալու կարեւորութիւնը` ցաւ յայտնելով, որ կարգ մը լիբանանեան կողմեր մեղսակցած են Սուրիոյ տագնապին եւ այդպիսով գործած են արարք մը, որ ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ ազգային միասնականութեան վրայ:

Share this Article
CATEGORIES