Ժոմպլաթ. «Զէնքը Ներքին Նպատակով Օգտագործելու Որեւէ Միտում Անկարելի Արկածախնդրութիւն Պիտի Ըլլայ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա»-ի մէջ լոյս տեսած իր շաբաթական յօդուածին մէջ նշեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ ազգային երկխօսութեան վերջ մը դրուելէ ետք, երեւան ելան պայմաններ եւ հակառակ պայմաններ, որոնք իրենց դատարկութեամբ խանգարեցին հանրապետութեան նախագահին ջանքերը:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ զէնքը ներքին նպատակով օգտագործելու որեւէ միտում անկարելի արկածախնդրութիւն մը պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ այդ փորձը նախապէս կատարուած է կարգ մը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ, սակայն անելի մատնուած է եւ պատճառ դարձած աւերի ու քանդումի, ինչպէս նաեւ անմեղ զոհերու:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ երկրին հարցերն ու տագնապը կարելի կ՛ըլլայ լուծել միայն երկխօսութեան ճամբով` հեռու իրարու ջնջելու, պատժելու եւ լուսանցքայնացնելու մթնոլորտէն:

 

Share this Article
CATEGORIES