Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Մուտք Գործեցին Թրքական Մշակութային Կեդրոն
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ երեկոյեան մուտք գործեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող Թրքական մշակութային կեդրոն եւ որոշ ժամանակի համար իր գրասենեակին մէջ բանտարկեցին կեդրոնին պատասխանատուն:
Առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները պահանջեցին պատասխանատուն կեդրոնէն դուրս բերել եւ կեդրոնը փակել:
Միւս կողմէ, առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներէն Տանիել Շաայպ յայտնեց, որ իրենք պիտի չհեռանան այդ կեդրոնէն մինչեւ իրենց հարազատներուն տունդարձը` խոստանալով դիմել մագլցողական քայլերու:
CATEGORIES Լիբանանեան

