Մանսուր Ապու Սայիտի Հետ Քննարկեց Ազեզի Մէջ Գտնուող Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցը

Մանսուր եւ Ապու Սայիտ

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Ապահովութեան եւ խաղաղութեան միջազգային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ եւ Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի մէջ Մարդկային իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութեան դեսպան Հասամ Ապու Սայիտը, որուն հետ քննարկեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցը:

Ապու Սայիտ Մանսուրի յանձնեց առեւանգուած լիբանանցիներուն վերաբերող Միջազգային դատարանի արարողակարգը եւ մաղթեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդունի այդ արարողակարգը` նկատի ունենալով անոր դրական ազդեցութիւնը մարդկային կեանքին մէջ:

Իր կարգին, Մանսուր յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին հաւանական հետեւանքները Լիբանանի վրայ կրնան ազդել Լիբանանի կայունութեան վրայ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ կայունութիւնը Լիբանանի համար բաղձալի է:

Մանսուր շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կարեւորը երկրին ապահովական կայունութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը պահպանելն է:

Միւս կողմէ, Մանսուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին եւ Արժանթինի դեսպան Խոսէ Քարերաս Մաքսուելը, որոնց հետ քննարկեց Քաղաքայիններու բռնի անյայտացումէ պաշտպանութեան միջազգային համաձայնագիրին մանրամասնութիւնները:

Փաուլի եւ Մաքսուել շեշտեցին Լիբանանի կողմէ այդ համաձայնագիրին ստորագրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES