Թրիփոլիի Բախումները Կը Շարունակուին` Վերածուելով Պապ Թըպպանէի Եւ Բանակին Միջեւ Բախումներու
Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները երէկ առաւօտեան ժամերէն արդէն իսկ վերսկսան` արձանագրելով յաւելեալ զոհեր ու վիրաւորներ, իսկ երեկոյեան զինեալ այդ բախումները վերածուեցան Պապ Թըպպանէի զինեալներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ զինեալ բախումներու:
Բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, բանակին շարքերուն մէջ արձանագրուած է նահատակ մը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած են վեց ուրիշներ, որոնցմէ մէկը ծանրօրէն վիրաւորուած է:
Բանակը շեշտեց նաեւ, որ ինք ուժգին պիտի հարուածէ եւ պիտի հակադարձէ կրակոցներուն, եթէ զինեալները ցուցմունքներուն չենթարկուին:
Ժապալ Մըհսենի պատասխանատուները յայտնեցին, որ իրենք ենթակայ են զինադադարին եւ ոչ մէկ փամփուշտ կ՛արձակեն:
Միւս կողմէ, Պապ Թըպպանէի զինեալները հաստատեցին, որ բանակը միայն իրենց դէմ ճնշում կը բանեցնէ, եւ անկէ պահանջեցին նախ եւ առաջ կասեցնել Ժապալ Մըհսենէն կատարուած արձակազինութիւնը, ապա կը խոստանան արտօնել անոր մուտք գործել Պապ Թըպպանէ:
Ուշ երեկոյեան, Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան պետական նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Քարամէ եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի ներկայացուցիչ Ահմետ Սաֆատի:
Հանդիպումին ընթացքին Պապ Թըպպպանէի բնակիչներէն խնդրուեցաւ ընդառաջել լիբանանեան բանակին պահանջներուն, ինչպէս նաեւ վերջ տալ արձակազինութեան եւ զինեալ բախումներուն:
Նշենք, որ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Ան հաստատեց բանակին իր զօրակցութիւնը` նշելով, որ ոմանք կը ջանան երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտել եւ Թրիփոլին օգտագործել հաշիւներ մաքրելու նպատակով:

